Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Պոլսոյ Մէջ «Յաւերժութիւն» Միջվարժարանային Պարի Մրցոյթ

Պոլսոյ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի խումբի նախաձեռնութեամբ կազմա­կեր­պուած՝ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րու մրցոյ­թին ա­ւար­տա­կա­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի «Կա­րան­թի» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ։ «Յա­ւեր­ժու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս ծրագ­իրին արդէն երկ­րորդ փուլն էր այս մէ­կը։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան պա­րեր ներ­կա­յա­ցուե­ցան վե­րո­յի­շեալ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ, ուր հա­մախմ­բուած էին բազ­մա­թիւ ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը։

Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Ժպիտ Իս­քէն­տէ­րօղ­լու-Գա­լայ­ճեա­նի հանդիսավարութեամբ։ Սկիզ­բը «Մա­րալ» խումբը հան­դէս ե­կաւ ազ­գագ­րա­կան պարե­րով։ «Յա­ւեր­ժու­թիւն» մրցոյ­թի մաս­նա­կից դպրոց­նե­րու խում­բե­րը ա­ւե­լի վերջ ներ­կա­յա­ցու­ցին ա­զատ պա­րեր։ Իսկ մրցոյ­թի ա­ռա­ջին փու­լին հա­մար նախատեսուած՝ «Սա­սուն» պա­րը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ այն չորս խում­բե­րուն կող­մէ, որոնք հա­մա­րուած էին ա­ռա­ջին փու­լի յա­ջո­ղա­գոյն­նե­րը։

Ա­ւե­լի վերջ ա­ռանձ­նա­ցան դա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը՝ Պա­նու Քուր­տօղ­լու, Սա­րեմ Քիւ­լէ­կէչ-Շէ­շէ­թեան, Կար­պիս Չափ­քան, Լե­ւոն Թա­պէ­րեան եւ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։ Մինչ դա­տա­կազ­մը կեդ­րո­նա­ցաւ իր աշ­խա­տան­քին վրայ, դար­ձեալ բեմ ելաւ «Մարալ» խումբը, ո­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած պա­րե­րը ստեղ­ծե­ցին մեծ խանդավառութիւն։

Յա­ջոր­դեց մրցոյ­թի ար­դիւնք­նե­րուն հրա­պա­րա­կումն ու մրցա­նա­կա­բաշխ­ման արարողու­թիւ­նը։ «Սա­սուն» պա­րի ներ­կա­յաց­ման շրջագ­իծով ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Տա­տեան վար­ժա­րանն ու Էսաեան վար­ժա­րա­նը։ Ա­զատ պա­րի ա­նու­անա­կար­գին մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Գալ­ֆաեան Տունն ու Ե­շիլ­գիւ­ղի վարժարանը։ Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ըն­թաց­քին դափ­նե­կիր­նե­րուն յանձ­նուե­ցան նուէր­ներ, մրցոյ­թի մաս­նա­կից բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րն ու վար­ժա­րան­ներն ալ ու­նե­ցան մաս­նակ­ցու­թեան վկա­յա­կան­ներ։

«Յա­ւեր­ժու­թիւն» մրցոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն շա­րու­նա­կել այս ծրագի­րը եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք տա­նե­լով ա­ւան­դա­կան բնոյթ մը տալ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան։ Մինչ այդ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի մեր համայն­քի ծնող­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը՝ մաս­նակ­ցե­լու «Մա­րալ» խումբի գոր­ծու­նէու­թեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին