Հինգշաբթի, 19. 02. 2026

spot_img

«Կուսակցութենէն Ներս Յաճախ Կանայք Տղամարդոցմէ Աւելի Աշխոյժ Կ’ըլլան». ՌԱԿի ԿՎ Անդամ Ճենի Գրիգորեան- Բարսեղեան

Հարցազրոյցը Վարեց` ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Մայիս 30-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուեցան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր անդամները: Անոնցմէ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանի հետ զրուցած է  «Հայերն Ասօր»-ի  թղթակիցը:

Տիկի՛ն  Ճենի, ՌԱԿի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան  կազմին մէջ Դուք առաջին եւ միակ  կինն է՞ք:

-20 տարուան մէջ ես երկրորդ կինն եմ: Արդէն 22 տարի է, որ անդամ եմ ՌԱԿ-ին: Դամասկոսէն եմ: Մինչեւ  պատերազմը ես տարբեր վարչութիւններու մէջ  աշխատած եմ` կրտսերաց, պատանեկան, իսկ վերջին տարիներուն Տիկնանց վարչութեան  ատենապետուհին էի: Պատերազմը սկսելէ յետոյ տեղափոխուեցանք այստեղ:

Կանայք  ի՞նչ  դերակատարում ունին կուսակցութենէն ներս:

-Պիտի ըսեմ, որ կանայք մեծ թիւ կը կազմեն կուսակցութեան մէջ  եւ հաւատացէք, որ յաճախ տղամարդոցմէ աւելի աշխոյժ են. մանաւանդ Դամասկոսի մէջ կանայք էին նիւթականը հայթայթողը։

Տեղեա՞կ  էք  Արցախի հետ ունեցած ծրագիրներէն:

-Կան ծրագիրներ. շատ շուտով պիտի գործադրուին: Արցախի մէջ մենք ունինք մեր գրասենեակը, որուն ատենապետը պարոն Գալստեանն է:  Մենք մշտապէս կապ ունինք Արցախի հետ, բնականաբար կայ  աշխոյժ համագործակցութիւն:

ՌԱԿէն ներս գործող Տիկնանց միութիւնը  ի՞նչ  աշխատանքներով  զբաղած է:

-Հիմնականին մէջ մշակութային ծրագիրներու իրականացմամբ:

Տիկի՛ն  Ճենի, ո՞րն է  Ձեր որդեգրած  կուսակցութեան հիմնական  առաքելութիւնը:

-Հիմնականին մէջ հայապահպանութիւնն է մեր գերխնդիրը. կ’ընենք ամէն ինչ, որպէսզի երախաները հայ մնան, չմոռնան իրենց մայրենին, որ  ընտանիքներուն մէջ պահպանուին հայկական աւանդոյթները:

Կը համագործակցի՞ք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ:

-Անշու՛շտ: Սփիւռքի նախարարութեան հետ մեր կապերը շատ ամուր են. ան հայութեան հաւաքական  տունն է, ընտանիքն ու տանիքը:

«Հայերն Այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին