Մայիս 25-ի կէսօրէ ետք եւ լոյս 26-ի գիշերը Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահամանգիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձիգային եւ դիպուկահար զինատեսակներէ ու ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետէ, վերսկսած է խախտելու նախորդ գիշեր եւ մինչեւ կէսօր պահպանուած կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններ իրականացնելէ եւ շարունակած են վստահօրէն կայացնել մարտական հերթապահութիւն: