*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երեւան կեցութեանս ընթացքին հին նոր երեւոյթի մը հանդիպեցայ, որ ցոյց կու տայ Հայու ճակատագիր մը, որ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ տակաւին կը կրկնուի:
Ինչպէս ատենին Ցեղասպանութենէ մազապուրծ հայ ժողովուրդի բեկորները, իրենց բնակած թաղերը կոչեցին իրենց գիւղերուն ու քաղաքներուն անուններով՝ Նոր Սիս, Նոր Ատանա, Նոր Մարաշ, եւայլն… Սուրիոյ արհաւիրքէն մազապուրծ սուրիահայութիւնը Երեւանի մէջ, իրենց խանութները սկսած են կոչել իրենց սրտամօտիկ քաղաքներուն անուններով` ինչպէս Դամասկոս, Հալէպ, Քեսապ, եւայլն…:
Հայրենիքի մէջ այս վերահաստատումը աւելի քան ուրախալի է, մանաւանդ երբ կը տեսնենք նաեւ անոնց տնտեսական արմատաւորումը մայրենի հողի վրայ:
Աստուած Հայրենի պետականութիւնն ու Հայոց քաջարի բանակը ամուր պահէ, որպէսզի պատմութեան մէկ այլ կրկնութեամբ Ամերիկայի, Գանատայի կամ Աւստրալիոյ մէջ օր մը չունենանք Նոր Երեւան, Նոր Արմաւիր կամ Նոր Աշտարակ անուններով քաղաքներ, գիւղեր ու խանութներ…:






