Պունտեսթակի բանաձեւը պիտի յարգէ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը: Այս մասին Հայաստանի խորհրդարանին մէջ յայտնած է Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ Պունտըսթակի փոխխօսնակ Էտելկարտ Պուլմանը՝ իր հայ գործընկեր Էտուարտ Շարմազանովի հետ ճեպազրոյցի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը։
Ան յիշեցուցած է, որ Յունիս 2-ին Պունտըսթակի մէջ պիտի իրականանայ Քրիստոնեայ տեմոքրաթական միութիւն-քրիստոնեայ ընկերային միութիւն ՔՏՄ/ ՔԸՄ խմբակցութիւններու, Սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութեան ու Կանաչներ խմբակցութեան բանաձեւի նախագիծի քննարկումը: Բանաձեւին մէջ պիտի դատապարտուի հայերու եւ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը: «Առաջին հերթին կարեւոր է միշտ կենդանի պահել անցեալի մասին յիշողութիւնը: Այդ իսկ պատճառով ալ մենք պիտի յարգենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, նաեւ պիտի դատապատենք Գերմանական կայսրութեան տխրահռչակ դերը, որ չէ կանգնեցուցած գլխաւոր դաշնակիցի` Օսմանեան Թուրքիոյ յանցագործութիւնները», յայտնած է փոխխօսնակը:
Ան յիշեցուցած է, որ 1998-ին Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրապարակած է շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք ներկայացուած են Հայաստանի ու Թուրքիոյ կառավարութիւններուն: «Այդ փաստաթուղթերէն պարզ կ՛երեւի, որ կայսերական Գերմանիան դիւանագիտական ալիքներով գիտէր, թէ ինչ կը կատարուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Ատոր համար ալ հիմա Գերմանիան կը ստանձնէ պատմական պատասխանատւութիւն», աւելցուցած է Պուլմանը:
Անցեալ տասնամեակներուն գերմանական ժողովուրդը կանգնեցուցած է բաւական յուշարձաններ, որպէսզի չմոռնայ ինչ կատարուած է հրեայ ժողովուրդին հետ, ու չմոռնայ Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը կատարուածին համար:
«Պէտք է յիշել ոչ միայն յանցագործութիւններուն անմիջական մասնակցութեան, այլ նաեւ սերունդներուն պատասխանատուութեան մասին: Միայն այդ պարագային կրնայ արմատանալ յիշողութեան մշակոյթը», շեշտած է ան:
Կարելի չէ չյիշատակել, որ Թուրքիոյ մէջ կը շատնան այն մարդիկ, որոնք կը համարձակին խօսիլ իրենց անցեալին մասին, թէ ինչ կատարուած է իրենց երկիրին մէջ:
«Մենք կրնանք օգնել Հայաստանի ու Թուրքիոյ հասարակութիւններուն՝ ճանապարհներ գտնելու երկխօսութեան համար ու միասին առերեսուելու իրենց պատմութեան: Մենք կը կարծենք, որ ասիկա այն ճանապարհն է, որմով այդ երկիրները կրնան ընթանալ` սկսելով յարաբերութիւններ ու երկխօսութիւն», ընդգծած է Պունտըսթակի փոխխօսնակը: