Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանի 36-րդ Տարեդարձը

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Կլէնտէյլի   Ռընեսանս շքեղ սրահին մէջ, տօնական անխառն ուրախութեամբ նշուեցաւ այս վարժարանին հիմնադրութեան յաղթական 36-րդ տարեդարձը: 

     Յաղթական տարեդարձ ըսինք, քանի որ Սփիւռքի մէջ, ու մանաւանդ Ա.Մ.Ն.ի մէջ, հայկական ամէնօրեայ վարժարանի մը գոյութեան իւրաքանչիւր տարի, յաղթանակ մը պէտք է նկատել, ընդդէմ ձուլումի եւ հայաթափութեան: Իսկ մեր գաղութին մէջ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանը կը փայլի իր պատուաբեր անունով ու վաստակով, մաքրամաքուր բարոյականով եւ նկարագիրով օժտուած ղեկավարութեամբ:

     Արդէն դպրոցին անունը տալով ոեւէ հայու մարմին կը փշաքաղուի _ Սահակ, Մեսրոպ, Հայ եւ Քրիստոնեայ չորս նուիրական պատուական բառեր ու անուններ, որոնք մեր ժողովուրդին համար սրբութիւն սրբոց են, եւ այս բառերը կը զարդարեն ու կÿօրհնեն այս վարժարանը տարին 12 ամիս, 36 տարիներէ ի վեր:

* * *

     Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին խումբ մը պատուելիներ, գլխաւորութեամբ Հայ Աւետարանական Միութեան բազմավաստակ նախկին տնօրէն Վերապատուելի Ճօ Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ Առաջնորդներ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ քահանաներ, գաղութային հասարակական կազմակերպութեանց ղեկավարներ, քաղաքական գործիչներ, բերանացի ու գրաւոր մամուլի ներկայացուցիչներ:

      Սոյն տօնակատարութիւնը կը նախագահէր ամերիկահայ մեծանուն գործատէրերէն Փրայմ Առողջապահական Ծառայութեան նախագահ, բազմաթիւ ամերիկեան եւ հայկական կազմակերպութեանց ղեկավար կամ վարչական՝ Տոքթ. Միքայէլ Սարեան:

            Ընկերային ժամէն ետք, ժամը 6-ին սկսաւ ձեռնարկին պաշտօնական բաժինը: Ճաշկերոյթի Յանձնախումբի Ատենապետուհի Սօսի Աստուրեանի բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն ետք, ջերմ խօսքերով ներկայացուց օրուան հանդիսավարուհի Դոկտ. Թամար Քաթարոյեանը, որ  Մէյֆլաուըր քաղաքի պետական նախակրթարանի տնօրէնուհին է: Ան ձեռնհասօրէն վարեց ամբողջ հանդիսութիւնը:

     Դպրոցի Գ. կարգի աշակերտներ երգեցին Ամերիկեան եւ Հայկական Օրհներգները,  ապա Վեր. Կալվին Սաղրեանի  սեղանի օրհնութեամբ ու բացման աղօթքով սկսաւ հանդիսութիւնը:

      Ընթրիքի սպասարկութեան ընթացքին հայկական հանրային ռատիոյի նուագողներու շատ հաճելի եւ հոգեթով նուագներով ժողովուրդին հաճելի պահեր պարգեւեցին:

     Գլխաւոր բանախօսն էր Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան: Ան շատ գեղեցիկ ձեւով անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով, նկարագրեց Սահակ-Մեսրոպ Քրիստոնեայ Վարժարանի ծնունդ, անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները ու շնորհիւ դպրոցի հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութեան՝ Մայիսեան Սարդարապատի խենթերուն նման գործի լծուեցան եւ ,խենթերն են գտնում հնարե, գտան այս դպրոցը պահելու դպրոցի գոյութեան հնարը: Ռաֆֆի Համբարեան սրտանց շնորհաւորեց բոլոր անոնց, որոնք այս դպրոցի, կրթական այս հաստատութեան գոյութեան եւ պահպանման իրենց նպաստը բերին:

     Երկարամեայ կրթական մշակ ու դպրոցի վերջին հինգ տարիներու տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիկեանի եւ Հոգաբարձութեան Ատենապետ Կէրի Ճըրճըրեանի ձեռամբ երեք ուսուցչուհիներ գնահատուեցան իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար: Նմանապէս այս գիշեր Հոգաբարձութեան անդամներն ալ գնահատուեցան, ձեռամբ Հոգաբարձութեան Ատենապետին:

     Կրթաշրջանի աւարտին տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիկեան տնօրէութեան պաշտօնէն հրաժարելով, Ատենապետը ջերմ ու  շնորհակալ խօսքեր ուղղեց անոր, միաժամանակ ժողովուրդին ներկայացուց յառաջիկայ տարուան տնօրէնուհին՝ Տիկին Մէրի Թաշճեանը, որ իր հերթին սրտի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն եւ բոլորին հրաւիրեց միասնաբար աշխատիլ դպրոցի ու աշակերտութեան օգուտին համար:

    Ցուցադրուեցաւ դպրոցի կեանքէն առնուած տեսաժապաւէն մը, որ պատրաստուած էր Տիկին Էյմի Ազարի կողմէ: Ապա Հոգաբարձութեան Ատենապետ Կէրի Ճըրճըրեան շատ ջերմ խօսքերով ներկայացուց այդ գիշերուայ նախագահը՝ բարերար Տոքթ. Մայքըլ Սարեանը, որ այդ գիշեր 250 հազար տոլար նուիրեց վարժարանին:

            Պրն. Ատենապետը իր ու դպրոցի ողջ կազմերուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Տոքթ. Սարեանին եւ յայտարարեց, թէ առ ի գնահատանք բարերարի այս ժեստին, դպրոցի Հոգաբարձութիւնը որոշեց դպրոցի մանկամսուրը եւ մանկապարտէզը անուանել, դպրոցի աշակերտուհի Քրիսթին Սարեանի անունով: Ներկաները որոտընդոստ ու խելայեղ, երկարատեւ յոտընկայս ծափահարութեամբ գնահատեցին բարերարին այս ժեստը, ու մանաւանդ Հոգաբարձութեան որոշումը դպրոցի երկու բաժիններու անուանակոչութեան կապակցութեամբ:

     Խօսք առաւ Տոքթ. Սարեան, որ խորապէս յուզուած էր, ուրախութեամբ յայտնեց, որ ձեւով մը կրցաւ Սահակ-Մեսրոպ Հայ  Քրիստոնեայ վարժարանին իր նպաստը բերել:

      Բարերարը խօսեցաւ հայապահպանման եւ հայերէնախօսութեան մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ու Հայ Դպրոցին անփոխարինելի դերին մասին հայութեան կեանքին մէջ եւ կոչ ըրաւ, որ ամէն հայ թող իր եկեղեցիին ու  դպրոցին օգտակար ըլլայ:

            Տօքթ. Սարեանի սրտաշարժ այս խօսքերը խորապէս յուզեցին ներկաները, որոնք անգամ մը եւս երկարատեւ յոտընկայս ծափահարութիւններով արժեւորեցին այդ ելոյթը: Յիշենք, թէ Տօքթ. Սարեան ծնած է Պէյրութ, յաճախած է Հ. Բ. Ը. Միութեան Նազարեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը: 1978-ին Ա.Մ.Ն. կը տեղափոխուի իր բժշկական ուսումին հետ սկսած է իր գործը, առողջապահական ու բժշկական իր գործը: Ներկայիս Տոքթ. Միքայէլ Սարեանի Prime Medical Service-ը 14 նահանգներու մէջ կը գործէ եւ ունի 40-է աւելի հիւանդանոցներ: 

      Դպրոցի հայերէն լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի՝ ծանօթ հրապարակագիր Սոնա Պատալեանի պատրաստութեամբ եւ վարժարանի երգի ուսուցիչիներէն Արտաշէս ու Ժաննա Սինանեաններու ղեկավարութեամբ, դպրոցի Գ. կարգի աշակերտներ կատակախառն եւ ուրախ երգերու փունջ մը ներկայացնելով, խորապէս գոհ ձգեցին ժողովուրդը:

            Ապա Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Արժ. Տէր Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեանի եւ Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Արժ. Տէր Պօղոս քհնյ. Պալթայեան փակման խօսքերով ու պահպանիչով վերջ գտաւ այս անմոռանալի երեկոն:

     Յիշենք, թէ այդ երեկոյ մօտ 150.000 տոլար մը եւս հաւաքուեցաւ զանազան ազգայիններու կողմէ, նուիրատուութեան ընդհանուր գումարը 400 հազարի հասցնելով, ինչպէս նաեւ զանազան ձեւի նուիրատուներու երկար ցանկ մը դրուած էր այդ առթիւ պատրաստուած գրքոյկին մէջ:

     Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հայ Աւետարանական համայնքի ղեկավարները եւ դպրոցի պատասխանատուները այս պատուաբեր ու Աստուածահաճոյ գործին համար, Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանին կը մաղթենք երկար տարիներ, կանանչ ճանապարհ եւ նորանոր յաջողութիւններ:                     

 

IMG_4495

IMG_4520

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին