Մոնթէի լուսանկարով բաճկոններ, Սասունցի Դաւիթով վերնաշապիկներ, հայկական զինանշանով մարզական տարբեր տեսակի հագուստներ. սուրիահայ Արամը իր արտադրանքը կը ցուցադրէ Երեւանի ցուցահանդէսին:
«Վստահ կ՛ըսեմ` Երեւանի ամենայարմար խանութներէն մէկն է», Panorama.am-ին կ՛ըսէ Արամը` ներկայացնելով մօտ մէկ տարի առաջ հիմնած #Sport (Հեշթակսփորթ) խանութին մէջ վաճառուող ապրանքը:
Մարզական հագուստի համար կտորեղէնը կը ներմուծեն Հայաստան ու նոյն իրենց կարի արտադրամասին մէջ կը կարեն: Կը հպարտանայ` 50 աշխատատեղ բացած է` մէկը ձեւաւորելու, միւսը կարելու:
«Ամենապարզ բանը ձեզի ըսեմ` այս պահի դրութեամբ յիսուն ընտանիք այս փոքր խանութին շնորհիւ փող կը վաստակի, երիտասարդներ ու տարիքով կանայք կ՛աշխատին, աշխատատեղ ստեղծած ենք, մարդիկ կրնան հանգիստ ապրիլ, իրենց պիւտճէն փող կը մտնէ», կ՛ըսէ Արամ Պըլըխեան:
Սուրիոյ մէջ մինչեւ պատերազմը, Արամին ընտանիքը զբաղած է կտորեղէնի եւ հագուստի մեծածախ վաճառքով, ունեցած են 6-7 խանութներ: Երկու տարի առաջ պատերազմի թէժ պահերուն, քրոջ հետ միասին Արամը եկած է Հայաստան, ուսումնասիրած է շուկան, ծրագրած է իր ընելիքը եւ յետոյ իրեն միացած են հայրն ու մայրը:
Կ՛ըսէ եկած է Հայաստան ու տեսած, որ այստեղ թրքական ապրանքը տարածում ունի, նեղուած է: Ծրագրած եւ արտադրած է հայկական հագուստ: Այժմ ալ հագուստի տաղաւարին շատ տեսանելի հատուածին մէջ փակցուցած է` «Ոչ թրքական ապրանքին» գրութիւնը:
«Ոչ թրքական ապրանքին» կ՛ըսէինք դեռ Սուրիոյ մէջ: Երբ եկանք Հայաստան նեղացանք, որ մարդիկ թրքական ապրանքը կը գովեն, կ՛ըսեն սա չինական չէ՝ թրքական է: Մեզի համար ատիկա իրօք ահաւոր նեղութիւն ստեղծեց: Սուրիոյ մէջ այս գործով կը զբաղէինք՝ ըսինք շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ մենք Երեւանի մէջ հայկականը ընենք՝ քան թրքական կամ չինական պատրաստ ապրանք բերենք», կը նշէ սուրիահայ երիտասարդը:
Աշխարհի մէջ երբ սուրիացի փախստականները գրեթէ ընդունելութիւն չունին, Հայաստանի մէջ նոյն Սուրիայէն ապաստանածները կ՛արարեն, ծրագիրներ կը կազմեն. Արամին յառաջիկայ ծրագիրներուն մէջ կայ ընդլայնել գործը, նաեւ արտահանել արտադրանքը Ռուսիա ու Իրան:
«Նոյն ապրանքը որ կայ դուրսը, արդէն կը կարենք հոս՝ Երեւանի մէջ: Մարզական հագուստ` վերեւ-ներքեւը միասին, այսինքն ինչ-որ պէտք է ամէնօրեայ հագուելու համար: Այստեղ կը կարուի, կը ձեւուի, բոլորը կը տպուի մեր մօտ եւ նոյն մեր խանութին մէջ ալ կը վաճառուի», կը պատմէ Արամը ու կը մատնանշէ խանութին հասցէն` Կողբացի 20/3:
Գործ հիմնելու ճանապարհը դժուար չէ եղած, կ՛ըսէ պատճառը այն է, որ ամէն ինչ օրէնքի դաշտին մէջ է:
«Խնդիրներ չենք ունեցած, ամէն ինչ օրինական ճանապարհով կ՛ընենք: Ատիկա ամենաճիշդ ձեւն է: Եթէ մենք օրինական ձեւով չընենք, կ’ունենանք խնդիրներ: Ոչ մէկ գումար վարկով չենք վերցուցած, քանի դեռ մենք ունինք հնարաւորութիւն գումար ներդնելու, աշխատելու, վարկը կը ձգենք այն մարդոց, որոնք չունին», կ՛ըսէ երիտասարդը:
Սուրիա վերադառնալու մասին չի մտածեր. «Եթէ երթալու մտադրութիւն ունենայի, մինչեւ հիմա հոս չէի ըլլար»:
Արամը իր փոքրիկ գործը կը ցուցադրէր «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսին, որուն բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղող սուրիահայերու եօթանասունէ աւելի ընկերութիւններ ու անհատ ձեռնարկատէրեր, տեղի կ՛ունենայ «Տնտեսական հնարաւորութիւններու շաբաթ» գործարար համաժողովի ծիրէն ներս: Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահը ծանօթացած է տարբեր ոլորտներու մէջ առեւտրային գործունէութիւն ծաւալած սուրիահայերու աշխատանքի արդիւնքին` ցուցահանդէսին ներկայացուած արտադրատեսականիին եւ առաջարկուող ծառայութիւններու սպառման հնարաւորութիւններուն, ընթացիկ խնդիրներուն ու զարգացման ծրագիրներուն:
Ծանօթ-Մեր կողմէն նշենք, որ Արամ Պըլըխեան եւ իր քոյրը Սօսին՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի արժանաւոր զաւակներն են: «Զ.»