Դժուար է սպասել առերեսում Թուրքիայէն, հասարակութենէ մը, որ իր ամբողջ աշխարհը կառուցած է հարեւանի կինը, աղջիկը, աշխատանքն ու դաշտերը խլելու միջոցով: Շատ դժուար է յաղթահարել այն բարոյահոգեբանական վիճակը, որ ստեղծուած է 1915-ին:
Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի ըսած է յայտնի թուրք մտաւորական Սաիթ Չեթինօղլուն` դիտարկելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացած է կուսակցութիւն-բանակ-ժողովուրդ համագործակցութեամբ, այդ իսկ պատճառով իրենք գործ ունին հաւաքական պատասխանատուութեան խնդիրին հետ: «Բացի այն, որ թուրք ժողովուրդը նիւթական շահ ստացած է Ցեղասպանութենէն, անոնք այդ յանցանքի մեղաւորները ճանչցած են իբրեւ ղեկավար, որ կը յառաջացնէ առանձին պատասխանատուութեան հարց: Այս տեսանկիւնէն Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի նշանակէ երկիրի հիմնադրման յարացոյցի ոչնչացում», նշած է Չեթինօղլուն:
Ան անդրադարձած է այն փաստին, որ մեր օրերուն Թուրքիան Ցեղասպանութիւնը կ՛իրականացնէ իր սահմաններէն դուրս: «Թուրքիոյ կողմէ Տաէշին տրուող օգնութիւնը եւ աջակցութիւնը կարելի է որակել իբրեւ՝ ցեղասպանութիւնը իր սահմանէն այն կողմ տանելու գործողութիւն, քանի որ անոր հետեւանքով այսօր կը սպաննուին Ցեղասպանութենէն որեւէ կերպով փրկուածները: Ղարաբաղեան յարձակումը եւս կրնանք դիտարկել այս տեսանկիւնէն:
Քեսապ, Մաալուլա, Խապուր, Նինովա, Սինճար… այս բոլոր վայրերուն մէջ տեղի ունեցածն ու Սուրիոյ մասնատումը մինչ օրս շարունակուող ցեղասպանութեան միւս կողմն են: Թուրքիան հնարաւորութիւն կ՝ընձեռնէ, որ ցեղասպանութիւնը սահմանէն այն կողմ տեղափոխուի: Տաէշի արարքներուն դէմ աչք փակելն ու անոր աջակցիլը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու, եզտիներու, ոչ իսլամ հնագոյն դաւանանք ունեցողներու ապագան վտանգի տակ կ՝առնէ: Անոնց դէմ իրականացող քայլերը լիովին կը համապատասպանեն ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին պայմանագիրի դրոյթներուն», փաստած է մտաւորականը:
Խօսելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին` Չեթինօղլուն ըսած է, որ մօտ ապագային նման հեռանկար չի տեսներ: «Քանի դեռ Ամասիայի նախկին հայկական թաղամասին մէջ, ուր այժմ սուլթան Սէլիմի հրապարակն է, տեղի հայերուն ու պոնտացի յոյներուն կացինով սպաննած մսագործ Կապաշ Ալիի պատկերը դրուած է, Ցեղասպանութեան ճանաչումը մօտ ապագային հարց համարելը անհնար կը դառնայ:
Սակայն այն կէտէն, ուր այսօր հասած է մարդկութիւնը, նաեւ անհնար է շարունակել ժխտումը: Վաղ թէ ուշ Ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի եւ փոխհատուցման հարցը քննարկման պիտի դրուի», ընդգծած է Չեթինօղլուն` կարեւոր համարելով այս հարցով միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը:
Ան առանձնացուցած է յստակ քայլեր, որոնց շնորհիւ հնարաւոր է հասնիլ փոխհատուցման: Մտաւորականը կը կարծէ, որ նախքան փոխհատուցումը շատ բան կայ ընելու:
«Ներողութիւնը, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ընդունումը, ամօթէն ազատումը եւ Ցեղասպանութեան հաւաքական պատասխանատւութեան ընդունումը՝ վերականգնման կարեւոր քայլերէն են: Այս տեսանկիւնէն ծայ րաստիճան կարեւոր է, որ ընտանիքներուն մէջ տարբեր անձեր փորձեն հասկնալ, թէ ինչ կատարուած է 1915 թուականին: Իբրեւ հաւաքական պատասխանատուութեան մաս մը, ամէն ոք պէտք է ինքն իրեն հարց տայ` մեծ հայրս 1915 թուականին ի՞նչ կ՛ընէր: …Պետութեան գլխաւորութեամբ պէտք է ներողութիւն խնդրել եւ ի յիշատակ զոհերու կանգնեցնել «այլեւս երբեք» խորագիրը կրող յուշարձան: Ցեղասպանութեան հետ զուգորդուող անձերուն անունները դպրոցներէն, պողոտաներէն, փողոցներէն եւ այլ հասարակական վայրերէն պէտք է մաքրուին: Խորհրդանշական շէնքերը, Քասապեաններուն պատկանող մերօրեայ վարչապետի գրասենեակը, Քապայանիսներու սեփականութիւնը համարուող Տրապիզոնի Աթաթուրքի պալատը, Սպարտալեաններու սեփականութիւնը համարուող Շիշլիի Աթաթուրքի թանգարանը, Հանչեաններուն պատկանած Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի շէնքը եւ այլ շինութիւններ պէտք է վերադարձուին իրական ժառանգներուն…», ըսած է ան:
Մտաւորականին խօսքով պէտք է յայտնաբերուին եւ յայտարարուին բռնի իսլամացած կանայք եւ երախաները, արխիւներն ու փաստաթուղթերը պէտք է բացուին հետազօտողներու համար, քաղաքացիութիւն եւ բնակութեան իրաւունք պէտք է տրուի Ցեղասպանութեան զոհերու եւ անոր հետեւանքով աքսորուածներու երրորդ սերունդի այն ներկայացուցիչներուն, որոնք նման ցանկութիւն կը յայտնեն:
«Միայն այս ամէնէն յետոյ հնարաւոր է սկսիլ աշխատանքները փոխհատուցման պայմաններու շուրջ», եզրափակած է ան: