*ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ*
Թուականէս 46 տարիներ առաջ, ընդհանրապէս հայութիւնը եւ ի մասնաւորի Լիբանանահայ համայնքը, բարոյական եւ դատական յաղթանակ մը արձանագրեցին Թուրքիոյ դէմ, ներկայացուած Պէյրութի մօտ թրքական դեսպանութեամբ: Մեր տարեց հայրենակիցները կը յիշեն այդ օրը, երբ լիբանանահայութիւնը մէկ մարդու պէս կանգնեցաւ ոտքի, պաշտպանելու համար հայուն արժանապատուութիւնը եւ իր արդար Դատը, որոնց դէմ թրքական դեսպանատունը յանդգնած էր դատ բանալ Արդարութեան Պալատին մօտ:
Արդարեւ Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 1970ին, կարծէք տօնական օր մըն էր Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի հայկական թաղերուն մէջ: Խանութները մասամբ փակ էին, դպրոցներու տնօրէնութիւնները եւ աշակերտները գործի լծուած, իսկ մեր հայրենակիցները իրենց աշխատանքները սառեցուցած, նախաձեռնած էին հայ մամուլը պաշտպանելու պարտականութեան:
Հարցը այն էր, որ Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը դատական հայց ներկայացուցած էր Արդարութեան նախարարութեան մօտ, Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող հայկական չորս օրաթերթերէն երկուքին՝ «Զարթօնք»ի եւ «Ազդակ»ի դէմ, Թուրքիոյ հասցէին «սուտ եւ զրպարտիչ» յօդուածներ հրապարակելու ամբաստանութեամբ: Խոստովանինք, որ մեր յիշողութիւնը կը դաւաճանէ մեզի, որովհետեւ այսօր, այդ դէպքէն 46 տարիներ ետք չենք յիշեր, թէ որո՞նք են հայկական երկու թերթերուն մէջ հակաթրքական յօդուածներ գրողները կամ անոնց շօշափած նիւթերը: Միայն կը յիշենք, որ զոյգ յօդուածագիրները արտասահմանէն էին եւ անոնց ստորագրած յօդուածները արժանացած էին թրքական պետութեան զայրոյթին: «Զարթօնք»ի պարագային կը յիշենք, որ յօդուածագիրը հետեւեալ իմաստով տողեր ընդգրկած էր իր գրութեան մէջ. «Եթէ ընդունինք, որ մարդ արարածը սերած է կենդանիէն՝ կապիկէն կամ նման անասունէ մը, ապա չենք գիտեր որ թուրք ազգը կամ թուրք ժողովուրդը ո՞ր կենդանիէն սերած է, որովհետեւ ամենավայրագ անասունն իսկ թուրքէն աւելի բարեգութ է»:
Ուրեմն «Ազդակ»ի եւ «Զարթօնք»ի զոյգ յօդուածները պատրուակելով, Պէյրութի մօտ թրքական դեսպանատունը դատ բացած էր երկու օրաթերթերուն դէմ, եւ 20 Մայիսը 1970ը դատավարութեան օր նշանակուած էր:
Այդ օր առաւօտեան ժամը 8:00էն սկսեալ, Պէյրութի Թանգարանին մօտակայքը գտնուող Արդարութեան Պալատ առաջնորդող ճամբաներէն սկսեալ, հայկական մօտակայ թէ հեռաւոր թաղամասերէն, հայորդիք կը քալէին դէպի դատավարութեան վայրը՝ Արդարութեան Պալատ: Ճամբաներուն վրայ իսկական խճողում կը տիրէր: Ընդհանուր առմամբ քալելով, հեծիկով, մոթորսիքլէթով եւ երբեմն ինքնաշարժով, մեր հայրենակիցները ուղղուեցան Արդարութեան Պալատ, ուր առաւօտեան ժամը 9:00ին արդէն իսկ կը գտնուէր շուրջ 20,000 գնահատուող բազմութիւն մը, որ «գրաւած էր» Պալատը ներսով ու դուրսով, մինչեւ իսկ շէնքին երկար աստիճանները: Ժողովուրդին մէջ կարելի էր տեսնել երիտասարդներ, ծերեր, կիներ, այրեր, ուսանող-ուսանողուհիներ, մինչեւ իսկ փոքրեր:
Հրաշալի միասնականութեամբ մը, բոլորն ալ փութացած էին Արդարութեան Պալատ, պաշտպանելու համար Մեր Դատը եւ խօսքի ու գրելու ազատութիւնը, զոր կը ներկայացնէին հայկական զոյգ պաշտօնաթերթերը: Պալատի աստիճաններէն ետք, շէնքի մուտքին կը տեսնուէին «Ազդակ»ի եւ «Զարթօնք»ի պատասխանատու տնօրէններ Հայկ Պալեանը եւ փրոֆեսոր Բարունակ Թովմասեանը, շրջապատուած իրենց պաշտպան փաստաբաններով, հայ անձնաւորութիւններով եւ պետական կարգ մը պատասխանատուներով, որոնց շարքին էր երեսփոխան Միշէլ Սեսինը, որուն այդ օր հայերը տուին Միշէլ Սասունեան կամ Միշէլ Սեսինեան անունը: Որքան որ կը յիշենք, ներկայ էին նաեւ այդ օրերու յայտնի անձնաւորութիւններէն Մուսա Փրենսը եւ Մուհսէն Սլիմը, նաեւ այլ խումբ մը փաստաբաններ, որոնք կամաւորաբար եկած էին պաշտպանելու հայկական երկու օրաթերթերը:
Որոշ ժամանակ մը սպասելէ ետք եւ տեսնելով, որ դատ բացած կողմը՝ թրքական դեսպանատունը զինք ներկայացնող մը Արդարութեան Պալատ չէր ղրկած, դատաւորը մինչեւ Յուլիս յետաձգեց դատավարութիւնը: Իսկ շաբաթներ ետք դեսպանատունը յետս կոչած ըլլալով իր դատը, հարցը այդպէս ալ փակուեցաւ եւ հայերը, ինչպէս նշեցինք սկիզբը, յաղթանակ տարին թրքական կողմին դէմ։
***
Հայ-թրքական առճակատումին գծով՝ այս իրադարձութեան վերաբերող մեր գրութեան առիթով, կ’ուզենք անդրադառնալ նոյն ծիրին մէջ ընդգրկուող երկու կէտերու, որոնք ցաւ կը պատճառեն մեզի եւ մեծ թիւով մեր մտահոգութիւնը կիսող հայորդիներու: Սակայն դժբախտաբար այդ երեւոյթները օրէ օր աւելի ծաւալ կը ստանան եւ կարծէք զանոնք յաղթահարելու գործնական ու ազդու պայքար չի տարուիր հայութեան կողմէ:
Առաջին կէտը կը վերաբերի Թուրքիոյ մերձակայ երկիրներու քաղաքացի հայերու կողմէ՝ Թուրքիա կատարուող «թուրիստական» եւ «առեւտրական» բնոյթով այցելութուններուն, որոնք կը բազմանան օրէ օր, ամիսէ ամիս եւ տարիէ տարի:
Գաղտնիք չէ, որ ոչ-արհամարհելի թիւով հայեր Թուրքիա կը մեկնին անձնական նախաձեռնութեամբ կամ շրջապտոյտներու ձեւով: Մեկնողներու շարքին կը գտնուին աշխարհականներ եւ… կղերականներ, նաեւ ազատ գործեր վարող կամ ազգային-միութենական որոշ պարտականութիւններ վերցուցածներ: Կ’արժէ թերթերով պախարակել զանոնք եւ չքաջալերել այն միութիններն ու անհատները, որոնք շրջապտոյտներ կը կազմակերպեն դէպի Թուրքիա, տարբեր նպատակներու պատրուակին տակ:
Երկրորդ կէտը նոյնքան եւ նոյնիսկ աւելի մտահոգիչ է: Շատ-շատերուն ծանօթ է, որ թրքական արտադրութեամբ ուտեստեղէններ, հագուստներ, ապրանքներ եւ այլ բաներ առաւելաբար կը վաճառուին հայկական շրջաններուն եւ մանաւանդ Պուրճ Համուտի մէջ: Եւ կրնանք անվարան ըսել, որ տեղացիներէն աւելի հայերը կը սպառեն թրքական արտադրութիւնները:
Ճիշդ է, որ որոշ տարողութեամբ այլեւ ամօթխած քարոզչական արշաւ կը տարուի թրքական ապրանքներուն դէմ: Նաեւ ճիշդ է, որ հայ երիտասարդներ տարին քանի մը անգամ թրքական ապրանք վաճառող խանութներուն առջեւ շարժումի կը դիմեն անոնց դէմ, սակայն եղածը մեր կարծիքով բաւարար չէ եւ ոչ ալ գործնական: Այդ վաճառատուները, որոնց տէրերը մեծամասնութեամբ հայեր են, առանց քաշուելու կը շարունակեն ծախել Թուրքիայէն ներածուած ապրանքներ: Մեզի կը մնայ աւելի «կտրուկ» եւ «ցաւցնող» միջոցներու դիմել՝ թէ՛ վաճառողին եւ թէ գնողին հասկցնելու, թէ իրենց ըրածը ճիշդ չէ, խոտոր կը համեմատի հայկական դատին գծով մեր պայքարին հետ եւ օտարներու աչքին կը տեսնուի որպէս անփոյթ, անճարակ եւ անպատասխանատու արարք:
Անհրաժեշտ է, որ սթափինք եւ սորվինք մեր անձնական շահերը՝ հաւաքական ու հայրենասիրական շահերուն զոհելու յանդգնութիւնն ու քաջութիւնը: Խօսիլն ու գրելը չեն բաւեր, անհրաժեշտ է գործի անցնիլ եւ անզիջում պայքար մղել Մեր Դատի յաջողութեան ի խնդիր:
Այսպէս կը պատուիրեն մեր նախնիները, 100+1 տարի առաջ զոհուած մեր նահատակները: Ժամանակն է, որ սթափինք եւ ոտքի կանգնինք՝ պաշտպանելու մեր շահերը: