Բրիտանական The Guardian-ը Մայիս 16-ին հրապարակած է լրագրող Լիանա Աղաճանեանի «Տեղաբնակի ուղեցոյցը Երեւանով. Քաղաք, ուր Քանիէ Ուեսթը հաճոյքով լողաց Կարապի լիճին մէջ» յօդուածը, ուր ընթերցողին կը ներկայացուի աշխարհի ամենահին ու գեղեցիկ քաղաքներէն մէկուն կեանքը, կը գրէ panarmenian.net-ը:
Երեւանը, որ ռուս գրող Վասիլի Կրոսման նկարագրած է որպէս «արտաքին շղարշէ զուրկ կենդանի օրկանիզմ», 29 տարիով մեծ է Հռոմէն:
Ըստ յօդուածին Երեւանի ճարտարապետական մարգարիտը Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրն է: Անիկա անուանակոչուած է Խորհրդային Հայաստանի կենտկոմի առաջին քարտուղարի պատուին, այդ համերգասրահին մէջ ելոյթ ունեցած են ինչպէս հայ, այնպէս ալ միջազգային մակարդակի կատարողներ, որոնց շարքին Deep Purple-ը 2010-ին եւ ֆրանսացի շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրը:
«Երեւանի մէջ շատ հեշտ է ընկերանալ եւ նոր ծանօթներ ձեռք բերել: Քաղաքը մեծ չէ, իսկ հայերը շատ հիւրասէր են, ուստի կը թուի, որ 6 ձեռքսեղման տեսութեան համաձայն այստեղ 2-ը պէտք է ըլլայ: Անծանօթ մարդոց կը բարեւեն, երբեմն քանի մը վայրկեան հարկաւոր է ընկերանալու համար», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Ըստ պարբերականին Երեւանի լաւագոյն վայրերէն է Թումօ ստեղծագործ արուեստագիտութիւններու կեդրոնը, որ 2011-էն ի վեր դարձած է Երեւանի ամենահետաքրքրական իրադարձութիւններու կեդրոնը:
The Guardian-ը նաեւ կը նշէ ոճային կերպարները Երեւանի փողոցներուն մէջ, մեծաթիւ տաղանդաւոր մարդիկ, հետաքրքրական ու տարաբնոյթ գրութիւններ, որոնք կը զարդարեն քաղաքը, նաեւ անոնց հեղինակները:
Յօդուածին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ արդէն 25 տարիէ ի վեր տեւող Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան, մանրամասն նկարագրուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը: