ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան երկօրեայ այցով կը գտնուի Սանթ Փեթերզպուրկ` մասնակցելու ԱՊՀ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին, ինչպէս նաեւ Սանթ Փեթերզպուրկի իրաւաբանական ֆորումին, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ:
Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Մայիս 17-ին տեղի ունեցած է ԱՊՀ անդամ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարներու խորհուրդի նիստը, որուն ժամանակ ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան ընտրուած է ԱՊՀ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ: Նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած են շարք մը հարցեր, որոնց վերաբերեալ նախարարները ներկայացուցած են իրենց երկիրներու մէջ կատարուած քայլերը: Մասնաւորաբար նոտարական համակարգի եւ փաստաբանական ծառայութիւններու զարգացման հասարակական կազմակերպութիւններու վերաբերեալ օրէնսդրութեան եւ այլն:
Իսկ նիստի աւարտէն ետք ԱՊՀ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարները ստորագրած են յուշագիր` Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս, ընդելուզման իրաւական ապահովութեան հարցերով համագործակցութեան զարգացման մասին: Անիկա նպատակ ունի ամրապնդելու եւ զարգացնելու միութեան անդամ երկիրներուն կողմէ ընդունուած սկզբունքներն ու միջազգային իրաւունքի կանոնները:
ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանի այցը Սանթ Փեթերզպուրկ կը շարունակուի:






