Դամասկոսի համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանէն ներս, Մայիս 8-ին բացուած է «Լեզուներու արխիւացման կեդրոն» եւ փաստավաւերագրական նիւթերու սրահ: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի յայտնած են նախաձեռնութեան կազմակերպիչները:
Կեդրոնի բացումը կատարած է Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամատ Հասսան ալ Քուրտին, որ իր խօսքին մէջ գնահատած է լեզուներու դասաւանդումը եւ քաղաքակրթութիւններու փոխյարաբերութիւնները: Համալսարանի նախագահը նաեւ հաստատած է, որ սուրիական համալսարաններէն ներս իր տեսակով առաջինն է լեզուներու արխիւացման կեդրոնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ արխիւացնել շարք մը լեզուներ, որոնք կ’օգտագործուին Սուրիոյ մէջ:
Բացման հանդիսութեան ժամանակ կեդրոնի հայոց լեզուի բաժինի պատասխանատու Նորա Արիսեան նշած է, որ լեզուներու արխիւացման կեդրոնը լեզուները պահպանելով եւ գիտականօրէն արխիւացնելով՝ հնրաւորութիւն կու տայ Սուրիոյ մէջ պահպանել պատմամշակութային ժառանգութիւնը` ընդգրկելով լեզուն, պատմութիւնը, բանաւոր հեքիաթները, երգերը եւ այլն: