Մայիս 17-ին ժամը 19:00-ին, ՆՓԱԿ-ի մէջ (հասցէ` Փ. Բիւզանդի փող., 1/3, Վերնիսաժի հարեւանութեամբ), ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Արուեստ էքսփօ-2016» միջազգային 2-րդ ցուցահանդէսի բացումը: Կազմակերպիչն ու գլխաւոր համադրողն է հայրենադարձ նկարիչ Վագօ Արմէնօ Խախամեանը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։
Ցուցահանդէսը նուիրուած է ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին 13 երկիրներէ 39 նկարիչներ: Ներկայացուած են աւելի քան 100 աշխատանքներ` գունանկարներ, գծանկարներ, քոլաժներ, քանդակներ, սերամիք, լուսանկարներ եւ այլն: