Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Օգնենք Համամարդկային Կարմիր Խաչին

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մայիս ամիսը մայրերու, նաեւ Աստուածածինի ամիս ըլլալու կողքին՝ է նաեւ Կարմիր Խաչի հանգանակութեան ամիսը:

Կարմիր Խաչի հանգանակութիւնը մուրացկանութիւն չէ, որ անտեսենք: Անկէ գոյացած գումարը կենսական է այս համամարդկային հաստատութեան առաքելութեան շարունակման:

Կարմիր Խաչը երկիրի բանակին պէս է: Քեզի փրկելու կը հասնի շատ յաճախ ինքը զոհուելով:

Անոր անդամակցող երիտասարդուհիներն ու երիտասարդները սիրայօժար իրենց սուղ ժամերը տրամադրած են՝ օգտակար հանդիսանալու բոլորին: Անոնք իրենց անձնականը սիրով կու տան ընդհանուրին: Անխտիր:

Անոնք մեզ եւ մեր զաւակները շատ յաճախ կը փրկեն ստոյգ մահէ՝ երբ անհանգստանանք կամ ճամբան արկածի մը հանդիպինք:

Երանի մեր զաւակները մղենք անոր անդամակցելու՝ փոխանակ իրենց ազատ ժամանակը անոնք փորձեն լեցնել վիտէօ խաղերով կամ ուրիշ բաներով…: Աւելի առողջ եւ համամարդկային, ապաքաղաքական եւ կամաւոր մարդկային ընկերութիւն մը դժուար է գտնել Կարմիր Խաչէն բացի: Մեր զաւակներուն օրինակ հանդիսանանք նաեւ մեր նուիրատուութեամբ:

Ինքնաշարժի պատուհանը հանգանակողներուն երեսին չգոցած՝ լաւ կ՛ըլլայ մտածել վերոյիշեալներուն մասին…:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին