Մեր աշխատակիցին այս յօդուածը լոյսին կու տանք, կիսելով հոն արտայայտուած սրտցաւ միտքերը, սակայն ոչ անպայման բաժնելով ազդարարական ոճը։ Յօդուածին մէջ արծարծուող կարեւոր հարցին լուծումը, ըստ մեզի, աւելի համընդգրկուն բնոյթի պէտք է ըլլայ։
«Խմբ.»
*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Հայկական նպարատուներն ու այլ հագուստեղէնի խանութները ողողուած են թրքական արտադրութիւններով։ Եւ որո՞նք են թրքական արտադրութիւններու գլխաւոր յաճախորդները՝ մենք, հայերս։ Անշուշտ ամերիկեան խանութներուն մէջն ալ շատ են թրքական արտադրութիւնները, սակայն ամերիկացիին համար թրքական կամ չինական կամ ֆիլիփինեան ապրանքներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ։ Կարեւորը որակաւոր եւ քիչ մը աժան ըլլայ, հարցը կը լուծուի։
Եթէ չեմ սխալիր, կարծեմ ասկէ 101 տարիներ առաջ, եւ երկարած յաջորդ հինգ տարիներուն վրայ, թուրք կոչուող ազգը աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ ջարդեց։ Պատմական իրողութիւն մը, որ հայերը ամէն տարի, գէթ Ապրիլ 24-ին, կը յիշեն եւ ոմանք եկեղեցիներու մէջ, ուրիշներ հրապարակային, ժողովրդական հաւաքներով կ՛ոգեկոչեն, մինչ ուրիշ շատ-շատերն ալ տունը, հեռատեսիլին առջեւ նստած կամ իրենց խանութներուն մէջ, «հոգիով» կը մասնակցին յարգանքի միջոցառումներուն…։ Ապրիլ 25-ին արդէն ամէն ինչ մոռցուած է, բացի հայկական թերթերու մէջ, Ապրիլ 24-ի առիթով չհրատարակուած յօդուածներու երեւումէն։
Ինչպէ՞ս կրնանք այսքան անտարբեր ըլլալ մեր ազգին ամենաողբերգական դէպքերուն հանդէպ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը ընտանեկան անդամ մը ունի զոհուած այդ ահաւոր Եղեռնին ժամանակ։ Ոմանց ամբողջ ընտանիքը, գերդաստանը, ամենավայրագ կերպով խողխողուած է ու մորթուած։ Եւ մե՞նք, հանգիստ նստած մեր տուներուն մէջ, խոհանոցի պահարանները կը լեցնենք թրքական արտադրութիւններով։
Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ, Նիւ Եորքէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Թորոնթօ եւ Մոնթրէալ, հայկական նպարատուները լեցուն են թրքական արտադրութիւններով՝ լոլիկի ջուր, պիպէրի ջուր, ոսպ ու պլղուր, չորցած պտուղի եւ բանջարեղէնի տեսակներ, ձիթապտուղ եւ պանիր, անուշեղէն եւ պղպեղի ու համեմունքներու տեսակներ, եւ տակաւին շարքը կ՛երկարի։ Եւ որո՞նք են այս արտադրութիւնները մեծաքանակ ներածողները՝ հայերը, որո՞նք են իրենց նպարատուներուն մէջ թրքածին արտադրութիւնները ծախողները՝ հայ նպարավաճառները, իսկ որո՞նք են յափշտակողները այս արիւնահոտ ապրանքները՝ մենք, «հայ» կոչուածներս։
Բազմաթիւ անգամներ, մանաւանդ Ապրիլ 24-ի հանդիսութիւններու ընթացքին, մաքուր հայեր թերթիկներ կը բաժնեն՝ որպէսզի «պոյքոթի ենթարկենք» թրքական արտադրութիւնները։ Եւ ի՞նչ կ՛ըլլայ այդ թերթիկները ստացող «հայ»երուն հակազդեցութիւնը՝ թերթիկը կը ճմռթկեն ու կը նետեն։ Նոյն օրը կամ յաջորդ օրը դարձեալ նպարատունէ մը թրքական ապրանք կը գնեն։
Ամերիկայի մէջ եթէ Ափրիկեան ծագումով Ամերիկացիներուն մազին դպչող ըլլայ կամ իրենց դէմ իրաւացի թէ անիրաւ արտայայտութիւններ ունենայ ընկերութիւն մը, կամ անիրաւութիւն մը ընէ իրենց դէմ, եւ եթէ իրենց առաջնորդներէն մին առաջարկէ, որ այդ ընկերութեան արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկեն, Ափրիկեան ծագումով Ամերիկացիներուն իննսուն տոկոսը կը հետեւին այդ պոյքոթին եւ ընկերութիւնը ծունկի կը բերեն։ Իսկ մե՞նք, այսպէս կոչուած «հայ»ե՞րս, թրքական արտադրութիւններուն դէմ առաջարկուած պոյքոթները պարզապէս կ՛անտեսենք։ «Ո՞վ է այդ մարդը, որ պիտի որոշէ ես ի՞նչ տեսակ ապրանք պիտի գնեմ» խօսքը, ամենայն անպատասխանատուութեամբ կ՛արտաբերենք։ Տեսա՞ք ի՜նչ զարգացած, յառաջդիմած, ազատութիւնը սիրող ազգ ենք մենք։ Տեսաք ի՜նչ խելացի եւ ինքնուրոյն անհատներ ենք մենք։ Չէ՞ որ մեր նահատակները, մեր ֆէտայիները զոհուեցան ազատութեան համար, հիմա ինչու՞ կ՛ուզէք մեր ազատութիւնը կաշկանդել…։ Ափրիկեան ծագումով Ամերիկացիներու չափ ալ չկանք տակաւին։ Երբ թրքական ապրանքներ ներածող հայ վաճառականի մը ըսինք, որ ինչու՞ թրքական ապրանք կը ներածէ, «այդ ձեր գիտնալիք գործը չէ։ Մենք կը ներածենք ինչ որ շահաբեր է մեզի համար», ըսաւ…։
Վա՜յ քեզ ժողովուրդ։
Ինծի համար զարմանալի եւ անհասկնալի է, թէ ինչու՞ եւ ինչպէ՞ս Հայաստանցի վաճառականները Հայաստանի համար թրքական ապարանք կը ներածեն։ Սահմանները գոց են, ուրեմն Վրաստանի վրայով այդ ապրանքները Հայաստան կը հասնին։ Ու՞ր են Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները։ Ինչու՞ այդ թրքական ապօրինի ապրանքներուն ներածումը կ՛արտօնուի։ Հա՜ա՜, իշխանաւորներն ալ շահաբաժին ունին ներածուող ապրանքներուն մէջ…։ Տակաւին Երեւանի կարգ մը նպարատուներու ցուցափեղկերուն վրայ «Թուրքական Ապրանք»ներու թարմութեան մասին գովազդ կ՛ըլլայ։ Ա՞յս է հայերուս հայրենասիրութիւնը, եթէ ոչ պարզապէս պիտի ըսենք՝ թրքասիրութիւնը։
Կը գանգատինք, որ Հայաստանէն արտագաղթ կայ։ Եթէ հայերս մերժենք թրքական արտադրութիւնները գնել, եւ որոշենք նմանօրինակ հայկական ապրանքներ գնել, կրնա՞ք ճշդել այն շահը, որ Հայաստանը կ՛ունենայ։ Կրնա՞ք գիտնալ, թէ քանի՜ հազար հայեր գործի պիտի լծուին Հայաստանի մէջ եւ ի՜նչ հարստութիւն պիտի կուտակուի։ Հոգ չէ, թէ «մեծահարուստները» աւելի եւս պիտի օգտուին, բայց հազարաւոր հայեր գործ պիտի ունենան, գիւղացիները՝ ցանելով, շարժավարները՝ փոխադրելով, ապակեգործարանի բանուորները՝ շիշերը շինելով, հարիւրաւորներ՝ գործարաններուն մէջ աշխատելով, շարունակե՞մ։
Արցախի քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ ազերիներն ու թուրքերը երբե՛ք պիտի չհանգստանան՝ մինչեւ որ Հայն ու Հայաստանը չստրկացնեն, չոչնչացնեն (անշուշտ մենք վստահ ենք, որ Օրթոտոքս Ռուսիան, Քրիստոնեայ Եւրոպան եւ Բողոքական Ամերիկան պիտի պաշտպանեն մեզ…)։ Ամէն անգամ որ թրքական ապրանք կը գնենք, օգնած կ՚ըլլանք թրքական տնտեսութեան եւ նաեւ օգնած կ՛ըլլանք, որ անոնք փամփուշտ մը եւս ձուլեն եւ մեր Արցախցի կամ Հայաստանցի եղբայրներուն սիրտը ծակեն։ Գիտե՞ս բարեկամ, այն փամփուշտը, որ մեր հայ պատանիին սիրտը խոցեց, քու գնած լոլիկի ջուրի շիշէն եկած շահէն չէր, այլ դրացիիդ գնած պիպէրի ջուրի շիշէն եկած շահէն, այնպէս որ դուն կրնաս հանգիստ քնանալ։
Երբ այդ թրքական լոլիկի ջուրը կ՛ուտենք, արդեօք այդ կարմրութեան մէջ չե՞նք տեսներ մեր սուրբ նահատակներուն կարմիր արիւնը։ Ի՞նչ խիղճով կը խմենք մեր անմեղ մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն արիւնը։ Ու՞ր է մեր անձնական արժանապատուութիւնը։ Չե՞նք ամչնար։ Ամօթ կոչուած զգացումը չու՞նինք։ Այսքա՞ն է մեր հայասիրութիւնը, այսքա՞ն է մեր հայրենասիրութիւնը։ Այսպէ՞ս պիտի յարգէինք յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, մեր նորօրեայ հերոս նահատակներուն։
ԱՄՕԹ Է։
Ես այս առիթով կոչ կ՛ուղղեմ թրքական մեծաքանակ ապրանք ներածող վաճառականներուն՝ որպէսզի անմիջապէս դադրին թրքական ապրանք ներածելէ։ Թող իրենց պահեստներու ապրանքները սպառեն եւ վերջ։
Կոչ կ՛ուղղեմ հայ նպարավաճառներուն (սուփըրմարքէթի թէ թաղային նպարատուներու), թող ապառեն իրենց թրքական արտադրութեան պահեստները եւ վերջ։
Ամերիկահայ թէ Հայաստանցի գործարարները կրնան լոլիկի, պիպէրի, չորցած պտուղներու, ձիթապտուղի թէ պանիրի եւ այլ արտադրանքներու հիմնարկութիւններ հաստատել Հայաստանի մէջ եւ հոն թէ՛ գործ ստեղծած կ՛ըլլան, թէ՛ օգնած կ՛ըլլան Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ թէ՛ ալ հարուած մը իջեցուցած կ՛ըլլան թրքական տնտեսութեան։ Մինչ այդ, եթէ անպայման նմանօրինակ ապրանքներ պիտի ներածեն, Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն նոյնքան եւ աւելի բարձր որակով ու աւելի աժան կրնան ծախել այդ ապրանքները։ Յաճախորդներն ալ կը վարժուին նոր ապրանքներուն։
Այս առիթով չենք ուզեր անունները հրատարակել Թուրքիայէն մեծաքանակ ապրանք ներածող հայերուն, ոչ ալ այն սուփըրմարքէթներուն եւ նպարատուներուն, որոնք հայու արիւնով ողողուած դաշտագետիններու վրայէն քաղուած պտուղներու հիւթերը կը ծախեն։
Մեր նահատակներուն յիշատակը չյարգող վաճառականներու անունները պիտի հրատարակենք, եթէ պէտք ըլլայ։
Այս՝ առաջին ազդարարութիւնն է…։