*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Անցեալ շաբաթավերջին Հըզպալլայի զինուորական կարեւորագոյն պատասխանատուին՝ Մուսթաֆա Պատր Էլ Տինի սպանութեան լուրին առնչուող ներկայիս կարեւորագոյն հարցումը հետեւեալն է. Պատր Էլ Տին սպաննուեցա՞ւ թէ «մաքրագործուեցաւ»…:
Ինչո՞ւ այս հարցումը: Բացատրեմ: Իրանի կողմնակից «Ալ Մայատին» հեռատեսիլի կայանը աճապարեց մեղադրել Իսրայէլը: Մինչ Հըզպալլա պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յականէ անուանէ ամբաստանեց իր բառերով «ծայրայեղական խմբաւորումները»՝ սլաքը ուղղելով Սուրիոյ մէջ իշխանութեան դէմ կռուող զինեալ խմբաւորումներուն կողմը, որոնց դէմ Պատր էլ Տին կը կռուէր:
Անկախ վերոյիշեալ երկու իրար մօտիկ կողմերու (Իրան – Հըզպալլա) իրար հետ ոչ համահունչ մեղադրանքներու վարկածէն ու Սուրիական վարչակարգի համրութենէն, ոճիրներու գիտութիւնը (criminology) մեզի սորվեցուցած է, թէ գործուած ոճիրի մը պարագային պէտք է անմիջապէս կեդրոնանալ այդ ոճիրէն օգտուող կողմերուն վրայ, որոնց ոճիրին մասնակցութիւնը ամենահաւանականը կրնայ ըլլալ: Այս մօտեցումը կրնայ ճամբան հարթել հասնելու ճշմարտութեան, որովհետեւ ոճրագործ մը (նամանաւանդ այս պարագային) ոճիր գործելու սիրոյն չէ, որ կը գործադրէ իր արարքը, այլ այդ ոճիրը կապուած կ՛ըլլայ շատ մը տուեալներու եւ շահերու հետ:
Պատր էլ Տինի «գլուխը» ուզող երկու հիմնական կողմեր կան: Մին՝ Վարչապետ Հարիրիի սպանութեան հարցով Միջազգային յատուկ դատարանը, որուն մօտ Մուսթաֆա Պատր Էլ Տին գլխաւոր կասկածելիներէն է՝ Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թղթածրարով: Միւսը՝ Սուրիոյ մէջ կռուող ընդդիմադիր եւ ծայրայեղական զինեալ շարժումները, որոնք վրէժ ունին լուծելիք իրենց դէմ կռուող Պատր էլ Տինէն:
Միջազգային դատարանը անշուշտ ողջ առողջ «գլուխով» կ՛ուզէր ձեռք ձգել Պատր Էլ Տինը՝ զինք դատելով իրմէ կարեւոր մանրամասնութիւններ կորզելու Հարիրիի սպանութեան հարցով: Հետեւաբար այս կողմը դուրս պէտք է ձգել հաշուարկումէ: Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ կռուող զինեալ շարժումներուն, ինչպէս ըսինք անոնք անշուշտ թէ օգտուող կողմ են Պատր Էլ Տինի սպանութեան գործին մէջ, սակայն նման մեծ իրագործում մը կատարելու պարագային՝ անոնք վայրկեան մը իսկ պիտի չուշանային մեծ հպարտութեամբ յայտարարելու եւ փաստելու, թէ իրենք պատասխանատու են սպանութիւնը կազմակերպած ըլլալու համար: Հետեւաբար այս կողմն ալ դուրս կը մնայ հաշուարկէ:
Այս երկու կողմերը կասկածի գօտիէն դուրս ձգելէ ետք, կը մնայ մտածել, թէ որո՞նք են այսօր Սուրիոյ պատերազմի դաշտին վրայ խաղցողները: Անոնք թիւով երեք հիմնական կողմեր են՝ Ռուսիա եւ Սուրիական վարչակարգը, Իրանը եւ Հըզպալլան ու Իսրայէլը:
Ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութիւններու վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ նման «մեծ որսի» մը պարագային Իսրայէլ բնաւ երբեք չի վարանիր յայտարարելու եւ հպարտանալու իր գործած ոճիրով ու իր գաղտնի սպասարկութեան տարած կարեւոր յաղթանակով:
Այս տրամաբանութեամբ եթէ Իսրայէլն ալ դուրս պահենք օգտուողներու խմբակէն, որո՞նք կը մնան սիրելի ընթերցող…:
Կը մնայ(ն) անոնք, որոնք նման սպանութեամբ մը Պատր Էլ Տինի «լռութիւն»ը կը շահին: Մարդ երբ մեռնի կամ սպաննուի «կը լռէ»: Չէ՞: Կը մնայ հարց տալ, որ Պատր Էլ Տին ինչո՞ւ եւ ինչէ՞ն պէտք է լռեր: Այս հարցումին պատասխանը կրնայ առաջնորդել այս սպանութեան գործին մէջ իրաւ ոճրագործին յայտնաբերման… եթէ անշուշտ նման ոճիր մը իրապէս պատահած է…: