Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ Մայիս 23-ին պիտի կայանայ «Դուն իմ եղբայրն ես» խորագիրով հաﬔրգ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Հաﬔրգին հանդէս պիտի գան յայտնի երաժիշտներ եւ երգիչներ Ժիլպեր Մոնդայնը, Միշէլ Ֆուկենը, Հելէն Սէկարան, Ժան Մենսոնը, Դանիէլ Ղեւին, Ֆրետերիք Մանուկեանը, Լեւոն Մինասեանը, Այտա Մարկոսեանը, Եսայի Ալթունեանը, Ռոլանտ Ռոմանելլին, Աւօ Նաճարեանը, Մարիանն Ներին եւ այլք: Հաﬔրգը պիտի կայանայ Մարսէյլի SILO թատրոնին մէջ:
Նմանատիպ հաﬔրգ տեղի ունեցած էր նաեւ 2015ի Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ: Հաﬔրգի կազմակերպիչն է Ժաք Գուզույեանը` տեղի հայկական եւ հրէական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ: Մարսէյլի հաﬔրգին պիտի օժանդակէ նաեւ տեղի քաղաքապետարանը: