Չորեքշաբթի, 11 Մայիս 2016-ի առաւօտուն կենսուրախ մթնոլորտ կը տիրէր ՀԲԸ Միութեան Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս, ուր լիբանանահայ 15 վարժարաններու աշակերտներէն արտասանական եւ նկարչական մրցումի մասնակիցներ, թիւով 100 աշակերտներ, ինչպէս նաեւ զանոնք քաջալերելու եկած նոյնքան թիւով հայկական վարժարաններու հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտներ, բարի ու հաճելի տրամադրութիւններով խճողած էին հայաշունչ կեդրոնը, ուր տեղի պիտի ունենար արդէն աւանդական դարձած արտասանական եւ նկարչական մրցումը:
Ցերեկոյթին բացումը կատարեց «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենադպրուհի տիկին Անժէլ Միսիսեան, որ կարեւորեց նման հանդիպումներու կայացումը եւ օգտակարութիւնը հայագաղութներէ ներս, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ: Ապա ան անդրադարձաւ ձեռնարկի ծրագիրին եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Դպրոցական աշակերտներ կը ներկայանային իրենց դպրոցներու տարազներով, առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ համանուն վարժարաններէն մէկ կամ երկու ուսուցչուհիի, պահ մը ժրաջան մեղուներու փեթակի վերածելով Միութեան կեդրոնը:
Պէտք է ըսել, որ երկու ժամեր շարունակաբար ընթացող արտասանական եւ նկարչական մրցումին մասնակից աշակերտները զուսպ եւ լուրջ էին ու կը հետեւէին իրենց ուսուցչուհիներուն ցուցմունքներուն, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Անժէլ Միսիսեան: Մասնակից աշակերտներուն ներկայութիւնը ստուգուելէ ետք սկսաւ սպասուած մրցումը՝ մեծ հետաքրքրութեամբ, աշակերտներուն անդադրուն ծափերուն տակ:
Այս տարի, ի տարբերութիւն այլ տարիներու, կը մասնակցէին աւելի մեծ թիւով վարժարաններ եւ բնականաբար աշակերտներ: Արդարեւ մրցման մասնակցած էին՝ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Հայ Աւետարանական Քոլէճ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան, Հայ Աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան, Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Ազգային Ռուբինեան, Վահան Թէքէեան, Հ. եւ Մ. Ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Նազարեան, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Կարմիրեան, Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն եւ Մխիթարեան վարժարանները, իրենց Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտներով:
Արտասանական մրցման Գնահատող Յանձնախումին մաս կը կազմէին վաստակաւոր մանկավարժ եւ հրապարակագիր Օհան Պոտրումեանը, ասմունքող եւ դերասանուհի տիկին Արփի Աւետիքեանը եւ տիկին Նոէլի Ազնաւուրեան:
Մրցումը ընթացաւ հեզասահ, բայց բարձր տրամադրութեան մէջ: Պէտք է ըսել, որ այս տարի բոլոր աշակերտներուն մօտ կար յաղթելու կամք, ճիգ եւ վճռականութիւն: Վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներ յայտնի էր, որ ջանք թափած էին եւ կատարելութեան հասցուցած իրենց սաները, որպէսզի բարձրաճակատ ներկայանան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի կազմակերպած տարեկան մրցանքին, որ նուիրուած էր Հայաստանի եւ Արցախի անկախացման 25 -ամեակներուն:
Մինչ Ահրամճեանի սրահէն ներս տեղի կ’ունենար արտասանական մրցում, առաջին յարկի սենեակներուն մէջ ալ տեղի կ’ունենար նկարչական մրցում, հսկողութեամբ վաստակաւոր մանկավարժ եւ գեղանկարիչ Վազգէն Մուղալեանի: Պարոն Մուղալեան անդադար կը հսկէր աշակերտութեան աշխատանքին եւ ի պահանջել հարկին կու տար անհրաժեշտ ցուցմունքներ:
Երկու ժամ տեւող զոյգ մրցումներն ալ աւարտեցան կէսօրուայ ժամը մէկին, եւ յանձնախումբեր կատարելէ ետք իրենց գնահատականները, հասաւ արդիւնքներու յայտարարութեան ժամը: Նախքան յայտարարութիւնը գնահատական խօսքերով հանդէս եկաւ ՀԲԸ Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցող վարժարաններուն, մասնաւորաբար վարժարաններու տնօրէններուն եւ տնօրէնուհիներուն, վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ներկայ համբերատար ուսուցիչներուն եւ նամանաւանդ մասնակից աշակերտներուն:
Համբիկ Մարտիրոսեան բարձր գնահատեց աշակերտներու մասնակցութիւնը, անոնց ճիգը, մրցելու ոգին եւ ըսաւ. «Այսօր, կատարուած մրցումէ ետք բնականաբար ըստ օրէնքի պիտի յայտարարենք լաւագոյն արտասանողներն ու գծագրողները… սակայն ինծի համար բոլորդ լաւագոյն էք… բոլորդ առաջին էք եւ կը գնահատեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, պահանջելով սակայն, որ մնաք հաւատարիմ ձեր ազգի արժէքներուն՝ Հայրենիքին, եկեղեցիին, հայ վարժարանին, հայ ընտանիքին ու նամանաւանդ հայերէն լեզուին: Դուք է, որ այլեւս պաշտպանը պիտի ըլլաք անոր, սիրէք ու սիրտի մօտ պահէք զայն, որքան ալ օտար լեզու սորվիք»:
Խմբագիրի խօսքի աւարտէն ետք Գնահատիչ Յանձնախումբի անդամներ բարձրացան բեմ եւ յանձնեցին համապատասխան նուէրներ լաւագոյններուն: Այս տարի նուէրներ տրամադրած էին տիկին Արփի Աւետիքեան, տիար Արմէն Յարութիւնեան, տիար Ալեքս Ֆաթթալ ու տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Այտա Մարգարեաններ:
Ըստ յանձնախումբին, Ե. Դասարաններու Արտասանական մրցման առաջիններ հանդիսացան Ագասիա Մարիա Ազատեան եւ Սէլին Գոգեան: Բ. հանդիսացան Սեւակ Քէօսէյեան եւ Սինթիա Վարդան: Գ. Հանդիսացան Յակոբ Աբանեան եւ Հրակ Մամիկոնեան, իսկ խրախուսանքի արժանացան Հրանդ Էլմայեան եւ Բալիկ Պաղտասարեան:
Զ. Դասարանի առաջիններ հանդիսացան Էլվիրա Զէյթունեան, Ռաֆայէլ Մխսեան, Համբիկ Մարտիրոսեան, Ռիթա Գասապեան: Բ. հանդիսացան Սէրլի Մանուկեան եւ Տաթեւ Արապօղլեան: Գ. Հանդիսացան Լորի Եահնիեան եւ Մարի Ռոզ Գասպարեան: Խրախուսանքի արժանացան Սինթիա Նազլիկեան եւ Մակի Տէկիրմէնճեան:
Գալով Նկարչական մրցումին, Ե. Դասարանի առաջին հանդիսացան Սամուէլ Մելիքեան եւ Գալին Քէշիշեան: Բ. հանդիսացան Մհեր Ջուլֆայեան եւ Սէլինա Դաւիթեան: Գ. հանդիսացաւ Սերժ Եագուպեան: Խրախուսանքի արժանացան Արեւ Պոյաճեան, Մոսիկ Տէօլտիւրեան եւ Ճօ Վարդան:
Զ. Դասարանէն առաջին հանդիսացան Ռիթա Սէմէրճեան եւ Փաթիլ Աննա Աքանճեան: Բ. հանդիսացան Առլի Սէֆէրեան եւ Զեփիւռ Գէորգեան: Գ. Հանդիսացան Սէրլի Եէթիմեան եւ Լիւսի Ունճեան ու Լուչիանա Տիրացուեան: Խրախուսանքի արժանացան Սերժ Սանոսեան,Վարագ Նարեկ Մանուկեան եւ Նարէ Գարամանուկեան:
«Խօսնակ»ի խմբագրութիւնը, գնահատելու համար բոլոր մասնակիցները, նաեւ տրամադրած էր յիշատակի նուէրներ բոլորին:
Հայաշունչ ու հայաբոյր միջոցառումը վերջ գտաւ ժամը 1.30-ին, ուրախ տրամադրութեան մէջ:
«ԽՕՍՆԱԿ» ԼՐԱՏՈՒ