Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Հայերէնի Արխիւացման Կեդրոնի Բացում Դամասկոսի Համալսարանէն Ներս

Դամասկոսի համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանէն ներս, Մայիս 8-ին բացուած է «Լեզուներու արխիւացման կեդրոն» եւ փաստավաւերագրական նիւթերու սրահ: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի յայտնած են նախաձեռնութեան կազմակերպիչները:

Կեդրոնի բացումը կատարած է Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամատ Հասսան ալ Քուրտին, որ իր խօսքին մէջ գնահատած է լեզուներու դասաւանդումը եւ քաղաքակրթութիւններու փոխյարաբերութիւնները: Համալսարանի նախագահը նաեւ հաստատած է, որ սուրիական համալսարաններէն ներս իր տեսակով առաջինն է լեզուներու արխիւացման կեդրոնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ արխիւացնել շարք մը լեզուներ, որոնք կ’օգտագործուին Սուրիոյ մէջ:

Բացման հանդիսութեան ժամանակ կեդրոնի հայոց լեզուի բաժինի պատասխանատու Նորա Արիսեան նշած է, որ լեզուներու արխիւացման կեդրոնը լեզուները պահպանելով եւ գիտականօրէն արխիւացնելով՝ հնրաւորութիւն կու տայ Սուրիոյ մէջ պահպանել պատմամշակութային ժառանգութիւնը` ընդգրկելով լեզուն, պատմութիւնը, բանաւոր հեքիաթները, երգերը եւ այլն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին