Ուրբաթ, 18. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, Փարիզի մէջ քննարկած է Արցախի հիմնախնդիրը, Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Ժան-Մարք Էյրոյի հետ:

«էտուարտ Նալպանտեան իր գործընկերոջ ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի յարձակողական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, կարեւորած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն հետ միասին հետեւողական ջանքերը` Ապրիլի սկիզբը տեղի ունեցածը բացառելու եւ հիմնախնդիրը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծելու ուղղութեամբ:

«Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ ուժի կիրառումը անընդունելի է, եւ բանակցային ճանապարհով կարգաւորումը այլընտրանք չունի: Անոնք ընդգծեցին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ 1994-1995 թուականներու զինադադարի հաստատման եւ ամրապնդման մասին եռակողմ անժամկէտ համաձայնագիրերու կարեւորութիւնն ու անոնց լիակատար իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրէն ներս երկուստեք ընդգծուեցաւ հրադադարի խախտումներու եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման ու հակամարտութեան գօտիին մէջ ԵԱՀԿ Գործող նախագահի Անձնական ներկայացուցիչի կազմի կարողութիւններու ընդլայնման հրատապութիւնը», ըսուած է ՀՀ ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:

էտուարտ Նալպանտեան վերահաստատած է, որ երբ համապատասխան պայմաններ ստեղծուին, Հայաստան պիտի շարունակէ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն հետ համատեղ աշխատանքը` ուղղուած Արցախի հիմնախնդիրի բանակցութիւններու միջոցով հանգուցալուծման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին