Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, հանդիպած է Ֆրանսայի Եւրոպական հարցերով պետական քարտուղար Հարլեմ Տէզիրի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղ գործընթացը վերականգնելուն ուղղուած քայլերուն: Այս ծիրէն ներս զրուցակիցները ընդգծած են, որ եռանախագահ երկիրներուն կողմէ առաջարկուող Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով հանդիպման գլխաւոր նպատակն է՝ 1994-ի համաձայնագիրով հաստատուած զինադադարի ամրապնդումը, բանակցութիւններու վերսկսման նպատակով բարենպաստ պայմաններու ստեղծման համար վստահութեան ամրապնդման միջոցներու ներդրումը:
Նախարար Նալպանտեան եւ պետական քարտուղար Տէզիր քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր իրաւական հիմք ձեւաւորելու շուրջ ընթացող բանակցային գործընթացը:
Նախարար Նալպանտեան կարեւոր համարած է առկայ ձեռքբերումներուն հիման վրայ, մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկը, Եւրոպական Միութեան տարբեր ոլորտային ծրագիրներու մէջ Հայաստանի մասնակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերու շուրջ: