«Եւրատեսիլ 2016»-ի եզրափակիչ փուլը աւարտեցաւ։ Մրցոյթին մասնակից Հայաստանի պատուիրակ Իւեթա Մուկուչեան բեմ բարձրացաւ վերջինը (26-րդը) եւ իր սիրոյ ալիքները տարածելով՝ եզրափակեց երգի մրցութային մասը։
10-րդ անգամ մասնակցելով «Եւրատեսիլ» երգի մրցոյթին` Հայաստանը ի դէմս Իւեթա Մուկուչեանին, 249 միաւորով գրաւեց 7–րդ տեղը։
Յաղթող ճանչցուեցաւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչը, որ ի դէպ հայկական արմատներ ունի:
«Զարթօնք» կը շնորհաւորէ Եւրատեսիլի Հայաստանի ներկայացուցիչ Իւեթա Մուկուչեանն ու իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները՝ Հայաստանը համաեւրոպական մրցույթին մէջ բարձր մակարդակով ներկայացնելու համար: