Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Գանձախոյզերու Թիրախ Դարձած Մուշի Հայկական Գերեզմանոցը Կը Պղծուի

Պատմական հայկական Մուշ քաղաքի ներկայիս Տերէ թաղամասին մէջ գտնուող՝ 18-րդ դարու հայկական գերեզմանոցը կ՛աւերուի: Թրքական «Haberler.com» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` այս մասին ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ, գերեզմանոցի տարածքին մէջ ուսումնասիրութիւն իրականացուած է, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճըն հայցով դիմած է՝ Մուշի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան բողոքելով, որ տեղի հայկական գերեզմանոցը կը պղծուի: Հայցի հիման վրայ դատական յանձնաժողովը գերեզմանոցին մէջ ուսումնասիրութիւն մը կատարած է եւ պարզած, որ գանձախոյզերը տեղ-տեղ հօրատումներ ըրած են:

Ուսումնասիրութենէն ետք Ազիզ Տաղճըն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` նշելով, որ գանձ գտնելու նպատակով հայկական գերեզմանները փորուած են, իսկ հանգուցեալներուն ոսկորները այս ու այն կողմ թափուած: Միութեան նախագահը յիշեցուցած է, որ գերեզմանոցը ընդհանուր արժէք է եւ մեծ կարեւորութիւն ունի ինչպէս հայ համայնքին, այնպէս ալ Թուրքիոյ հանրապետութեան համար:

Տաղճըն տեղեկացուցած է, որ հայկական գերեզմանոցի վերականգման խնդրանքով դիմում ուղարկուած է՝ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն:

«Թող վերջ տան մեր գերեզմանոցները փորելուն, որովհետեւ մեր գերեզմանոցներուն մէջ ուրիշ ոչինչ կայ, բացի մեր հանգուցեալներուն ոսկորներէն: Իսկ մենք մեր ննջեցեալները միայն սաւանով կը թաղենք: Այնտեղ որեւէ նիւթական արժէք չէք կրնար գտնել: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մեր վանական համալիրներուն: Թող չաւերեն զանոնք», ըսած է ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին