Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ժամանակը Այսօր է». Կարէն Միրզոյեան

Հայաստանն ու Արցախը միացեալ ուժերով կրնան յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան:

Անդրադառնալով Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հնարաւորութեան, Կարէն Միրզոյեան շեշտեց. «Չէի սահմանափակէր Արցախի ճանաչումը միայն Հայաստանով: Այսօր ժամանակն է Արցախի միջազգային ճանաչման համար: Արցախը պէտք է ճանչցուի ոչ միայն Հայաստանի, այլ ամբողջ միջազգային հանրութեան կողմէ: Այդ մէկը պէտք է կարեւորագոյն գրաւականը ըլլայ՝ Արցախի անվտանգութեան ապահովման եւ զարգացման համար»:

Այն դիտարկման, որ Հայաստանի կողմէ Արցախը միակողմանի ճանչնալու պարագային՝ Ազրպէյճանը կը սպառնայ պատերազմ սկսելու, Կարէն Միրզոյեան պատասխանեց. «Ազրպէյճանի կառավարութիւնը այսպէս թէ այնպէս, հանդէս կու գայ բազմաթիւ սպառնալիքներով: Մենք պէտք է զսպենք Ազրպէյճանի ռազմական նկրտումները բոլոր հնարաւոր միջոցներով»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին