Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

«Ժամանակն է Որ Նախագահները Հանդիպին». Մինսքի Խումբի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Ճէյմս Ուորլիք եւ Փիեռ Էնտրիւ տարածած են յայտարարութիւն մը, ուր կը նշեն, թէ ինչպէս առաջ, այնպէս ալ այժմ ամբողջովին հաւատարիմ կը մնան ղարաբաղեան հակամարտութեան միջնորդական ջանքերուն, կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը:

Սահմանագիծի երկայնքով վերջին ժամանակներուն բռնութեան դէպքերու եւ տիրող լարուածութիւնը թօթափելու ծիրին մէջ, ըստ համանախագահներուն ժամանակն է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հանդիպին:

«Մեր երկիրներու (Ռուսիա, Ֆրանսա եւ ԱՄՆ) արտաքին գործոց նախարարները պատրաստ են նպաստելու այդ հանդիպման կայացման յաջորդ շաբաթ, Վիեննայի մէջ: Անոնց հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ զինադադարի պահպանման ամրապնդումը եւ վստահութիւն ձեռք բերելու ուղիներ փնտռելը, որ պիտի վերականգնէ բանակցային գործընթացը` հիմնախնդիրի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ:

«Բանակցութիւններուն մէջ ոչ մէկ յաջողութիւն կրնայ ըլլալ շարունակուող բռնութիւններու պարագային եւ աւելին, խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ առանց բանակցութիւններու: Մենք կը պնդենք, որ չի կրնար ըլլալ հակամարտութեան լուծում ռազմական ճանապարհով», ըսուած է համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին