Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Ամենայն Ոչխարամտութեամբ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

«Կոյր հաւատարմութիւնը կամ բացարձակ հնազանդութիւնը կը նշանակէ գիտակցութեան չգոյութիւն», ըսած է անգլիացի գրող Ճորճ Օրուէլ…:

Այս խօսքը միտքս եկաւ, երբ լուրերէն լսեցի, թէ կրօնական կուսակցութիւն մը, որ շրջանի մը ընտրութիւններուն արդիւնքները ի նպաստ իրեն ապահովելու նպատակով՝ ընտրութիւններու մասնակցելու եւ իր զօրակցած ցանկին քուէարկելու «Կրօնական Պարտականութիւն» (Թաքլիֆ Շարիի) յայտարարած է…:

Զարմանալին ալ այն է, որ այդ լուրի թղթակիցին պատրաստած հաղորդագրութեան մէջ, այդ շրջանի հարցադրուող քաղաքացիները առանց ամչնալու եւ առանց մտածելու՝ հեռատեսիլի կայանին նկարչական գործիքին նայելով ամենայն ոչխարամտութեամբ կը հաստատէին, թէ երբ հարցը «Կրօնական Պարտականութիւն» է՝ իրենց կը մնայ բացարձակ հնազանդութիւն…:

Զարմանալի եւ միեւնոյն ժամանակ շա՜տ վտանգաւոր երեւոյթ, որու մասին պէտք է մտածել՝ նամանաւանդ, որ այսպէս կոչուած «թաքլիֆ շարիի»ներով կարելի է՝ Լիբանանի բնակչութեան բաղկացուցիչ տարրերէն ամբողջ համայնք մը ոեւէ առիթով (ընտրական թէ այլ), ոտքի հանել ու նստեցնել՝ երկիրն ալ հետը տակնուվրայ ընելով…:

Բարին Աստուծմէ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին