Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Պելճիքայի «Մեսրոպ Մաշտոց» Միութիւնը Կ’աջակցի 3 Զոհուած Զինծառայողներու Ընտանիքներուն

Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի «Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը օգնութեան դրամահաւաք կազմակերպած է` աջակցելու Ազրպէյճանի կողմէ հրահրած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն: Այս մասին «Հայերն Այսօր»-ին Պելճիքայէն տեղեկացուցած է միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեան:

Համայնքին եւ միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ դրամահաւաքի կազմակերպիչ Գայեանէ Սարգսեանի գործուն մասնակցութեամբ Լիէժ, Պիլզէն եւ Տօնկերէն քաղաքներու հայ համայնքներէն հանգանակուած է 1200 եւրօ գումար, որուն արդիւնքով որոշուած է օգնութիւն տրամադրել 3 զոհուածներու` Արամ Աբրահամեանի (Արմաւիրի մարզի Արտիմեդ գիւղ), Ադամ Սահակեանի (Երեւան) եւ Մանուէլ Գէորգեանի (Երեւան) ընտանիքներուն` իւրաքանչիւրին 400 եւրօ:

Հաւաքուած գումարը յառաջիկային կը փոխանցուի վերոնշեալ ընտանիքներուն, որոնց աշխատանքները Հայաստանի մէջ կը համակարգէ «Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Զաքարեան:

«Անշուշտ գովելի է նման նախաձեռնութիւններու իրականացումը, մանաւանդ Սփիւռքէն, քանի որ մեր հայրենակիցները օտար ափերու վրայ գտնուելով հանդերձ, կարծէք իրենց խիղճին առջեւ հանգիստ կը զգան նմանօրինակ քայլերով», նշած է Վարդուհի Զաքարեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին