Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ ԱՄՆի իր պաշտօնակից Ճոն Քերրի հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան: Այդ մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
«Քննարկուած են Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման եւ հրադադարի ամրապնդման ուղղուած քայլերը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր: Քննարկուած են նաեւ պաղեստինա-իսրայէլական խնդիրի կարգաւորումը եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ: