Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Իւեթա Մուկուչեան Անցաւ «Եւրատեսիլ 2016»-ի Եզրափակիչ Փուլ

Սթոքհոլմի Globe Arena-ի մէջ կայացաւ «Եւրատեսիլ» մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլը:

Հայաստանի պատուիրակ Իւեթա Մուկուչեան Love Wave կատարմամբ հանդէս եկաւ 7-րդ թիւի տակ: Քուէարկութեան արդիւնքով Իւեթան անցաւ եզրափակիչ փուլ:

Հայաստանի հետ «Եւրատեսիլ-2016» համաեւրոպական երգի մրցոյթի եզրափակիչ փուլ անցան նաեւ Ազրպէյճանը, Ռուսիան, Նիտերլանտները, Հունգարիան, Խորուաթիան, Աւստրիան, Չեխիան, Կիպրոսը եւ Մալթան:

Յիշեցնենք, որ երկրորդ կիսաեզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 12-ին, իսկ յաղթողին անունը յայտնի պիտի ըլլայ Մայիս 14-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին