Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Թալիշի Մօտ ԵԱՀԿ Դիտարկումը Հրադադարի Խախտումներ Չէ Արձանագրած

Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ` երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ աւելի խիստ դիտարկում իրականացուցած է՝ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղի հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ:

ԵՀԱԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Գասպշիկը դիտարկումը իրականացուցած է՝ Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն` դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին եւ հրադադարի խախտումներ չեն արձանագրուած:

Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէ ուղեկցած են արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին