Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Իշխողներուն Ահազանգ Պատճառող Ընտրական Արդիւնքներ…

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հազիւ 20 առ հարիւր մասնակցութիւն արձանագրած՝ Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու աւարտէն շուրջ 35 ժամեր ետք ելած արդիւնքները եկան փաստելու, որ ընտրողներու ոչ արհամարհելի թիւ մը Պէյրութի մէջ դէմ քուէարկած է՝ իշխանութեան վրայ գտնուող կուսակցութիւններու համախմբումին, որ շատ հարցադրումներու դուռ կը բանայ…:

Յայտարարուած արդիւնքները ցոյց տուին, որ արդէն համեմատաբար շատ քիչ թիւ կազմող ընտրողներուն 59 առ հարիւրը քուէարկած է՝ ի նպաստ կուսակցութիւններու համախմբումի ցանկին, մինչ 41 առ հարիւրը քաղաքացիական շարժումներու պատկանող գործունեայ (աքթիւիստներու) ցանկին:

Արհամարհելի թիւ մը չէ 41 առ հարիւրը, սակայն տիրող մեծամասնական դրոյթի վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքով, ամբողջ ցանկով պարտուած կը համարուի այդ մէկը՝ ի դիմաց 59 առ հարիւրին…:

Թէ որքա՞ն տրամաբանական է նման տեսակի ժողովրդավարութիւն մը (ուր օրինակի համար 10 յիմարներ կրնան 9 իմաստուններու յաղթելով շահիլ ընտրութիւնները, որուն որպէս հետեւանք իշխել անոնց վրայ…) չեմ գիտեր, սակայն ան յստակօրէն ունի տարբերակ մը, որն է համեմատական ձեւը, ուր օրինակի համար 24 հոգինոց կազմի մը մէջ ընտրուած կ՛ըլլան՝ հակադիր կողմերու ստացած բարձրագոյն քուէներուն համեմատութեամբ անդամներ, (այս պարագային օրինակի համար 24 անդամնոց քաղաքապետական խորհուրդին 14 անդամները պիտի ըլլային «Պէրուցիներ» ցանկի բարձրագոյն քուէներ բերող 14 անհատները, իսկ 10 անդամները՝ «Պէյրութ Քաղաքս Է» ցանկին բարձրագոյն թիւով քուէներ բերող 10 անհատները, այսինքն 24 թիւին 59 եւ 41 առ հարիւր համեմատութիւնները), որ աւելի արդար է ու ներկայացուցչական՝ մանաւանդ ինչ կը վերաբերի քաղաքապետականին, որ ուղղակիօրէն առնչուած է քաղաքացիներու առօրեային:

Կը մնայ անշուշտ համեմատականը յարմարցնել համայնքայինին, որ ամէն պարագայի տակաւին շատ ջուր կը վերցնէ, նամանաւանդ եթէ նկատի ունենանք վերոյիշեալ արդիւնքները, որոնք որպէս ահազանգ պիտի ծառայեն իշխանութիւնը իրենց ձեռքը ունեցողներուն, որպէսզի քիչ մը աւելի յետաձգեն կամ նկատի չունենան համեմատական օրէնք մը, որ կրնայ իշխանութեան գորգը իրենց ոտքին տակէն քաշել…:

Ամենայնդէպս շնորհաւորելի են քաղաքացիական շարժումի ցանկակիցները, որոնք եկան փաստելու, թէ միշտ ալ կարելի է փոփոխութիւն յառաջ բերել, եթէ լիբանանցին քիչ մը եւս հաւատք ունենայ ինքն իր վրայ՝ քուէատուփ իջնելով քուէարկելու իր իսկ ի նպաստ…:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին