Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) համազեկուցողներ Ալան Միլն ու Ճուզեփփէ Կալատին, փաստահաւաք առաքելութեամբ Մայիս 11-12 պիտի այցելեն Հայաստան:
Ըստ ԵԽԽՎ լրատուական ծառայութեան հաղորդագրութեան, այցի ընթացքին անոնց ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն յաջորդած զարգացումները, նոր Ընտրական օրէնսգիրքի եւ փտածութեան դէմ պայքարի հարցերը:
Ալան Միլ ու Ճուզեփփէ Կալատին պիտի հանդիպին ՀՀ նախագահին, վարչապետին, արդարադատութեան նախարարին, գլխաւոր դատախազին, բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու եւ էթիկայի յանձնաժողովի ղեկավարին հետ:
Հանդիպումներ նախատեսուած են նաեւ խորհրդարանի տարբեր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:






