*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Երկար ժամանակէ ի վեր, Դիմատետրի եւ համացանցի հայկական լրատուական աղբիւրներու էջերուն վրայ «Աղանդներ» վերնագրով մոլեգնութիւն մը կը նկատուի: Հայութիւնը կարծէք մղձաւանջ մը կ’ապրի «Աղանդներ» անունով: «Զգոյշ այսինչ խմբակցութենէն, անոնք աղանդ են: Զգոյշ այնինչ հաւաքականութենէն, անոնք աղանդաւոր են: Հայ ազգը ներսէն քանդել ուզող կազմակերպութիւններ են այս աղանդները… եւն.»: Ի հարկէ եւ բնական է, որ այս արշաւը եկեղեցականները գլխաւորեն: Եւ պարզ ժողովուրդը «Ամէն» եւ « like»եր սեղմելով միանան անոնց: Բայց գիտէ՞ք ինչ, այս արշաւին մէջ չորը կանաչին հետ կ’այրեն:
Աղանդներու դէմ մղուած արշաւը երկուքի պիտի բաժնեմ՝ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Եւ որպէս լիբանանաբնակ, Սփիւռք ըսելով Լիբանան պիտի վերցնեմ:
Հայրենիքի Մէջ
Աղանդներու դէմ յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ դիզուած եւ լեցուցած են համացանցի հայկական լրատուական էջերը: Դիմատետրի վրայ անհաշիւ, գրեթէ առօրեայ գրառումներ եւ մէջբերումներ կը գտնենք ընդդէմ աղանդներու: Այս գրութիւններու քանակի շատութիւնը ուշադրութիւնս գրաւեց. «Նման լայնատարած արշաւ մը կ’ենթադրէ, որ ահարկու վտանգի մը դիմաց կը գտնուինք», մտածեցի ես ինծի: Սկսայ պրպտել էջերը եւ հետեւիլ գրառումներուն: Յիշուած աղանդներու շարքին կային «Եհովայի վկաները» եւ « Մորմոնները»: Պրպտեցի եւ տեսայ յիշուած երկու հաստատութիւններն ալ սահմանուած էին որպէս «աղանդներ»: Մինչեւ հիմա աղէկ է: Նշեալ երկուքին Հայաստան ներխուժումը եւ աճը նշմարելի թափ առած են եւ որպէս այդ, պէտք է հայ հաւատացեալը այս մասին բաւարար լուսաբանութիւն ստանայ: Բայց յանկարծ աւետարանական եկեղեցիներու անուններ կը սկսին յիշուիլ: Որոշ գրառումներու մէջ, չեմ գիտեր գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, կաթողիկէ եկեղեցին ալ հորիզոնի վրայ աղօտ կերպով կը նշմարուի: Դարձեալ սկսայ պրպտումներ կատարել յիշուած աղանդներու մասին: Զարմանալիօրէն անուններուն մեծ մասը աղանդներու ցանկին մէջ չկային: Ընդհակառակը՝ միջազգային ճանաչում վայելող հաստատութիւններ էին, որոնք ընդունուած են որպէս ԵԿԵՂԵՑԻ: Առաւել զարմանք ապրեցայ: «Հապա ինչո՞ւ մեր եկեղեցականները լայնատարած արշաւ կը մղեն անոնց դէմ» մտածեցի: Սկսայ «աղանդ» կամ «աղանդաւոր» բառի եւ հասկացողութեան իմաստը պրպտել: «Աղանդ կամ աղանդաւոր կը կոչուին բոլոր այն խմբաւորումները, որոնք ուղղափառ հաւատքէն շեղած են եւ նորակազմ հաւատալիքներ հիմնելով, հաւատացեալը կը գայթակղեցնեն» բացատրութիւնը գտայ: «Բայց որն է Ուղղափառ Հաւատքը» հարցուցի ես ինծի: «Ուղղափառ կը կոչուին բոլոր այն եկեղեցիները, որոնք Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի Հաւատոյ Հանգանակը կ’ընդունին» պատասխանին հանդիպեցայ: Իսկ ի՞նչ է Նիկիոյ Հաւատոյ հանգանակը: Այն է, ինչ որ ամէն պատարագի ընթացքին, մեր ձեռքերը իրար միացնելով կ’արտասանենք եւ կամ կ’երգենք՝ « Հաւատամք ի մի Աստուած…»: Հայրենիքի մէջ նշուած աղանդներու մեծ մասը կը հաւատայ եւ կ’ընդունի Նիկիոյ Հաւատոյ Հանգանակը: Բան մը սխալ ըլլալու է հոս: Հապա ինչո՞ւ աղանդեր կը կոչուին: Դարձեալ պրպտեցի եւ հասկցայ, որ անոնք «պարգեւներուն կը հաւատան», այսինքն գերբնական շնորհներու: Շնորհները կամ պարգեւները (բնագիրի մէջ նոյն բառն է): Քրիստոս Մարկոսի աւետարանի 16:17-ին մէջ իր առաքեալներուն խոստացաւ, որ աւետարանի քարոզութեան պիտի ընկերանան գերբնական նշաններ: Հիմա կարգ մը եկեղեցիներ կը հաւատան, որ մինչեւ օրս այս նշանները կը գործեն: Իսկ ուրիշներ կը հաւատան, որ անոնք միայն առաջին դարու քրիստոնեաներուն յատուկ երեւոյթներ էին: Արդեօ՞ք պէտքէ այս երկուքը այս նիւթի շուրջ հարց յարուցանեն, եւ իրար «աղանդաւոր» ամբաստանեն:
Մի քանի գաղափարներ Լիբանանի մէջ «աղանդներու» մասին եւ պիտի եզրափակեմ խօսքս:
Լիբանանի Մէջ Հայ Աղանդներ
Հայ շրջանակներէ ներս մի քանի խմբաւորումներ կան, որոնք կը յիշուին եւ կ’ամբաստանուին որպէս աղանդներ:
Հայկական ռատիոկայան մը յայտագիրի մը ընթացքին երեք համայնքներէն հոգեւորականներ հրաւիրելով, ուզեց արշաւ մղել այս իմաստով: Թիրախ ունէր մէկ աւետարանական եկեղեցի (զարմանալիօրէն աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւորական հրաւիրուած էր որպէս հիւր) եւ առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին տակ աշխատող ու գործող աղօթախումբեր: Յայտագիրը վարողը փորձեց, ելաւ, իջաւ, ուռեցաւ, նուաղեցաւ որպէսզի դատապարտութիւն ստանայ իր հիւրերէն անոնց հասցէին, բայց չկարողացաւ: Այսուհանդերձ ան իր արշաւը շարունակեց: Ճակատագիրի հեգնանքով նոյն ռատիոկայանը ամէն առտու «Նիկիոյ Հաւատոյ հանգանակին» համաձայն՝ «Ի՞նչ կ’ըսեն Աստղերը» յայտագիրը կը սփռէ:
Եզրակացութիւն
Աղանդներու մասին լուսաբանութիւնը կարեւոր է հաւատացեալին համար: Իսկ ոչ հաւատացեալին համար հարցը միեւնոյնն է: Այլ ճակատ մը եւս կայ, ուրկէ աղանդներու դէմ արշաւ կը մղուի՝ «Ազգը Ներսէն քանդող կազմակերպութիւններ» անուան տակ: Եթէ բուռ մը անհատներ կրնան ազգի մը գոյութիւն այսքան դիւրաւ խաթարել, կը նշանակէ այդ ազգին հիմերը հաստատուն չեն: Ինչ կը վերաբերի իմ ազգիս, անոր հիմքերը հաստատ, պատմութիւնը հին, մշակոյթը զօրաւոր եւ մարդիկը քաջարի են. անոր վրայ երբեք վախ չի կայ:
Հետեւաբար երբ աղանդ ըսենք, անոր բնորոշումը տանք եւ մատնանշե՛նք անոր վտանգները: Այլապէս Դօնքիշոտի նման օդի հետ կը պատերազմինք: Նասրատտինը նման է «Մարդիկ մեզ գործի վրայ թող տեսնեն» ասացուածքին, հոգ չէ թէ ապարդիւն է: Իսկ երբ ըսենք «վտանգ է ազգին», պէտք է յստակացնել զայն եւ անոր շարքին դնել այլ վտանգներ, զորս շատ յաճախ անունով կոչելու իսկ կը վախնանք:
Աղանդը հաւատքի ոլորտի մէջ է եւ որպէս այդ պէտք է դիմակալուի: Նոյն հաւատքին տարբեր մօտեցում ունեցողը աղանդաւոր չէ: Աղանդաւորները անունով պէտք են կոչուին, եւ հարցը պէտք չէ մնայ ընդհանրացումի ծերէն ներս:
Հայորդիք, եթէ Կիրակի օրերը եկեղեցիները լեցնէք, աղանդները ինքնաբերաբար կ’իյնան եւ կարիքը չի մնար այս արշաւին պատճառած սպառումին: