Զրոյցը Վարեց ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ազատամարտիկ կինը, որուն հետ ծանօթութիւնը կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանի շնորհիւ, Արարատի մարզի Փոքր Վետիի բնակչուհի է: «Հայերն Այսօր»-ի մեր աշխատակիցները, իրենց ուսումնական փորձառութիւնը նախարարութեան մէջ իրականացնող Երեւանի Պետական Համալսարանի 20-ամեայ ուսանողուհիները, զարմանքով եւ հիացմունքով ժամերով ունկնդրեցին խրոխտ հայուհիին մարտական անցած ճամբաներու պատմութիւնը: Մեր զրոյցի ընթացքին ակներեւէր Ճեմմային հիմա ալ կռուելու պատրաստակամութիւնը, խրոխտ ու չյանձնուող էութիւնը, նաեւ կորսնցուցած մարտական ընկերները յիշելով` անոր անթաքոյց տխրութիւնն ու աչքերուն մէջ ծովացող արցունքները:
– Տիկի՛ն Ճեմմա, շատ տարիներ անցած են ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն, որու ժամանակ մեր զինուորներէն շատ–շատերը հերոսացած են եւ իրենց վերջին հանգրուանը, ցաւօք սրտի, գտած Եռաբլուրի մէջ, ունինք նաեւ անյայտ կորածներ, շատերն ալ ողջ մնացին եւ դարձան մեր ժամանակի ապրող առասպելները: Այսօր մենք Ձեզի կը նայինք իբրեւ ապրող առասպելի. երբ հայեացք կը նետէք Ձեր անցած ճամբաներուն վրայ, ամէնէն շատ ինչի՞ մասին կը խորհիք:
– Երբ 1994-ի Մայիս 12-ին զինադադար եղաւ Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, չզօրացրեցին զիս, ես վաշտի հրամանատար էի, սակայն ոչ հրամանով (հրամանը յետոյ եղաւ), Մ. Գրիգորեանի 5-րդ կիսաբաժինի կազմին մէջ էինք: Հրամանատար չկար, ես զինուորական կրթութիւն չունէի, բայց ինծի նշանակած էին հրամանատար: 15 տարի կռիւէ ետք ծառայած եմ, յետոյ զօրացրուած եմ` առողջական խնդիրներու պատճառով. ես քանի մը անգամ վիրաւորուած եմ, 2-րդ կարգի հաշմանդամ եմ, դեռ մինչեւ հիմա ալ մարմինիս վրայ կը զգամ պատերազմի ցաւը, որովհետեւ ողնաշարիս վրայ բեկորը անընդհատ կը շարժի:
…Ես մեծ ցաւ կ’ապրիմ եւ մինչեւ այժմ իմ տեղս չեմ գտներ, ինչ-որ տեղ նաեւ ինքզինքիս չեմ ներեր (մարդիկ կը կարծեն, թէ չեմ զոհուած, ատոր համար ինքզինքիս չեմ ներեր). երբ մենք արդէն Թալիշը ազատագրած էինք, Մարտակերտի բարձունքներէն իջանք, գետը անցանք, հասանք Թափ Կարակոլու գիւղը, մեզի այնտեղէն ետ ուղարկեցին: Երբ մենք կը կռուէինք Երասխաւանի մէջ, ամբողջ գիւղը դատարկուած էր, մենք պէտք է մտնէինք Նախիջեւան, պէ՛տք չէ կանգ առնէինք: Ցաւ կ’ապրիմ, որ Շահումեանը, Մարաղան, Սէյսուլան, Լենինաւան գիւղերը մնացին այդ շուներուն: Ահագին զոհեր տուինք: Բայց համոզուած եղէ՛ք, մենք կրնայինք առաջ երթալ եւ շատ դիրքեր վերցնել՝ կ’ափսոսամ, որ այդպէս չեղաւ: Այսօր հոգիս կը ցաւի Թալիշի համար, Թալիշը հերոսական գիւղ էր: Երբ ազատագրեցինք Թալիշի մէջ եկեղեցի մը կար, ուր թուրքերը գողցած անասուններ լեցուցած էին, ամբողջ եկեղեցին աղբի մէջ թաղուած էր: Երբ ներս մտանք զինուորներուն մաքրել տուի, Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղէն գառ մը բերել տուի (այդ ժամանակ Մանուէլ Գրիգորեանի հրամանով ես դարձած էի «Արծիւ-30» գումարտակի հրամանատարը), գառնուկի վիզին եռագոյն թել կապեցի, մատաղ ըրինք եւ այդ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ուր 70 տարի մոմ չէր վառած, պատարագ չէր եղած, մկրտութեան կարգ ըրինք: Շուշիէն կանչեցինք Տէր-Կորիւնը, որպէսզի եկեղեցին օծէ եւ պատարագ մատուցէ, մկրտութիւն ընէ: Թալիշի մէջ զոհուածներուն թաղեցինք ընդհանուր, երկար հողաթումբի մը տակ: Ես այդ տարիներուն Արարատի գործկոմիտէի նախագահ Ֆիրտուս Զաքարեանին նամակով դիմեցի եւ խնդրեցի անոր իմ մարտական ընկերներու շիրիմները սարքելու համար 2-3 թոն սեմենտ ուղարկել: Զաքարեան ուղարկեց աւելին` 7 թոն սեմենտ (կրափոշի), եւ տղաներուն յիշատակը յաւերժացնող գերեզմանները կրաձոյլով պատեցինք, իսկ հիմա արդէն այնտեղ խաչքարերով սիրուն համալիր մը կայ:
– Դուք մասնակցա՞ծ էք Շուշիի ազատագրման:
– Ո՛չ, Շուշիի ազատագրման բուն կռուին չեմ եղած, բայց շուրջբոլորը պատերազմ էր, եւ ես այդ կռուին մէջ միշտ եղած եմ, սակայն անձամբ Շուշի չեմ մտած այդ օրը: Դեռեւս 1988-էն մեր գիւղի «Խոր Վիրապ» ջոկատով, որսորդական հրացաններով պատերազմի թոհուբոհին մէջ եղած ենք: Ամբողջ գիւղով միասնաբար լծուած էինք պայքարի. մէկ մասը կռուի դաշտին մէջ էր, մէկ մասը թիկունքէն սատար կ’ըլլար կռուողներուն: Կը կարծեմ 20-րդ դարու վերջը պէտք է անուանել հայ ֆիտայիներու դար, աւելին` մենք ազգովին ֆիտայիներ դարձած էինք, պատմութեան էջերուն ատիկա պէտք է ոսկէ տառերով դրոշմել:
– Դարձեալ Մայիս, դարձեալ գարուն է, սակայն ապրիլեան առաջին օրերէն սկսած եւ դեռ չաւարտած պատերազմի ելքը անյայտ է, եւ հարցի լուծումը անորոշ, բայց կայ համախմբուածութեան պատկեր, կամքի, հոգիի միասնութիւն. ի՞նչ կը կարծէք՝ այս լարուած վիճակը յաղթանակո՞վ կ’աւարտի:
– Ես համոզուած եմ, որ պիտի յաղթենք, որովհետեւ համախմբուած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր հայերը, իսկ համախմբուածութիւնը հզօր ուժ է եւ յաղթանակի բանալի: 100 տոկոսով պիտի յաղթենք, որովհետեւ աշխարհի մէջ հայ մայրերէն լաւ, բացառիկ մայրեր չկան, միայն հայ մայրն է, որ իր երախային օրորոցին մօտ կ’երգէ եւ ան ալ հայրենասիրական երգեր:
– Տիկի՛ն Ճեմմա եթէ հարկ ըլլայ, կրկին կը նետուի՞ք պատերազմի թոհուբոհի մէջ:
– 100 տոկոսով, ես ցուցակագրուած եմ, կ’երթամ (այստեղ մեր զրոյցին ներկայ գտնուող Փոքր Վետիի գիւղապետ Նորիկ Մարտիրոսեան կ’ընդմիջէ` ըսելով, որ իրօք Ճեմման պատրաստ է, հաստատ կ’երթայ դիրքեր եթէ ձգեն, բայց ան արդէն 70-ի շեմին է), սակայն ինծի ըսին, որ 60-էն բարձր ալ չեն տանիր:
– Ձեր 10 քոյրերուն եւ միակ եղբօր մէջ նոյնպէ՞ս կայ այդ հայրենասիրութեան կրակը:
– Հայրս Արեւմտեան Հայաստանի Վան գաւառի Մոկսի Ծափանց գիւղէն էր: 5 տարեկանին իր քոյր Հեղինէի (իմ իսկական անունը անձնագիրով Հեղինէ է) հետ, 1915թ. Ցեղասպանութենէն մազապուրծ Մուսուլով, Պաղտատով, Տէր Զօրի անապատներով ձեւով մը հասած են Հայաստան: Երկու որբուկները փրկուած են, անոնք ընդամէնը մէկ քեռի ունեցած են` Մարտիրոսը, որ եղած է Անդրանիկի զինուորը. ան ալ պահած է հօրս: Հայրս ռամիկութիւն ըրած է, յետոյ աշխատած է սեմենտի գործարանի մէջ: Իրենց գերդաստանի ծուխը չմարելու համար հայրս միշտ մտածած է տղայ զաւակ ունենալու մասին (մեր ընտանիքի առաջնեկը տղայ եղած է, որ մահացած է) եւ անընդհատ երախաներ ունեցած են ծնողներս` այն յոյսով, որ յաջորդը տղայ պիտի ծնի, եւ վերջապէս 10 աղջիկներէն յետոյ տղայ մը ծնած է: Հայրս միշտ զիս իր տղան համարած է, որովհետեւ փոքր հասակէս աշխոյժ, անվախ եղած եմ, տղու շորեր հագած եմ: Մերոնք բոլորն ալ հայրենասէր են, եւ ատիկա ունի իր բացատրութիւնը` մենք Եղեռնէն մազապուրծ եղած, տուն ու ծննդավայր կորսնցուցած հայու զաւակներ ենք: Մեր մէջ, մեր երակներուն մէջ հոսող արեան մէջ է հայրենասիրութիւնը: Հայրս ամբողջ կեանքը ապրեցաւ` հայեացքը յառած Արարատին «ա՜խ» քաշելով ու ըսելով` երանի երթամ մեր գիւղ, մեր տունը գտնեմ, մօրս գերեզմանը գտնեմ:
– Տիկի՛ն Ճեմմա Ձեր կողքին բացի Ձեզմէ, ուրիշ կռուող կանայք կայի՞ն:
– Երասխաւանէն չեն եղած: Զէնքը ձեռքին կռուող կին չէ եղած իմ կողքիս: Երկու կանայք կային` Հռեփն ու Արշոն, որոնք դիրքերու մէջ չեն եղած, անոնք կեդրոնին մէջ էին:
– Քանի՞ անգամ վիրաւորուած էք:
– Երեք անգամ վիրաւորուած եմ եւ միշտ մտածած եմ շուտ ապաքինուիլ ու շարունակել կռիւս, միանալ ընկերներուս: Առաջին անգամ վիրաւորուեցայ ոտքէս. այդ ժամանակ մենք ռազմարուեստին ծանօթ ալ չէինք, մեր կամքի ուժով, մարտական ոգիով եւ յամառութեամբ կրցանք կռուիլ, գրաւել թշնամիի ռազմական տեխնիկան եւ զէնքերը ու ազատագրել շարք մը տարածքներ: Ես մասնկացած եմ շարք մը գիւղերու եւ շրջաններու ազատագրական մարտերուն` մինչեւ Գետաւան:
– Ձեր զինուորական համազգեստին ամրացուած են շքանշաններ ու մետալներ. Ատոնցմէ ո՞րն է Ձեզի համար ամենաթանկը:
– Բոլորն ալ թանկ են. «Արիութեան համար» մետալը, որ տուած է Արցախ կոմիտէն` զօրքը շրջափակման մէջէն հանելու համար: Թուրքերէն երգելով, թշնամիին լեզուով խօսելով` «ինծի չկրակէք, ես թուրքի աղջիկ եմ» ըսելով, թուրքերուն խաբելով` կրցայ իմ հայրենակիցներս փրկել ու հանել շրջափակումէն: Այս տարուան Նոյեմբերին զոհուած ազատամարտիկներու կանանց հետ գացի Մարտակերտ, ելոյթ ունեցայ եւ ըսի. «Կը հաւատամ ձեզի հա՛յ զինուորներ, որովհետեւ հայ մայրերն են ձեզ ծնած: Այս դրախտ երկիրին մէջ աղբիւր մը չկայ, որմէ ջուր խմած չըլլամ, այս լեռներուն մէջ քար մը չկայ, որուն վրայ գլուխս դրած չըլլամ, անտառ մը չկայ, ուր ոտքս չէ դպած…։ Կը հաւատա՛մ ձեզի հա՛յ զինուորներ, շնորհակալ եմ ձեր մայրերուն»: Այս ելոյթէս յետոյ զինուոր մը մօտեցաւ եւ ինծի նուիրեց այս շքանշանը, որ ամենաթակն է ինծի համար: Շատ են շքանշանները, սակայն ես ցուցադրող չեմ, մետալներու համար չեմ կռուած, ես յանուն Արցախի, յանուն իմ երկիրի սահմաններու պաշտպանութեան կռուած եմ: Չեմ սիրեր ըլլալ մուրացիկի վիճակի մէջ, որքան ալ, որ կենցաղավարութեան մէջ դժուարութիւններ ունենամ, միեւնոյնն է չեմ լար, չեմ փնթփնթար եւ չեմ ըսեր, որ ես ձեզի համար կռուած եմ, ինչու՞ ինծի լաւ չէք նայիր…։ Չորս երախայ ունիմ, որոնցմէ մէկը 22 տարեկան չքնաղ աղջիկս կորսնցուցած եմ վթարի պատճառով, բայց իմ վիշտս ոչ մէկուն վիզին չեմ փաթթեր, ողբալը բան չի փոխեր:
– Տիկի՛ն Ճեմմա ինչո՞վ զբաղած էք խաղաղ տարիներուն:
– Հողագործութեամբ. 1200 մեթր հող ունիմ, դուրսէն ծաղիկներ բերած եմ, ծառեր տնկած: Հողի հետ աշխատիլը դժուար է, բայց խաղաղութեամբ կը լեցնէ հոգիդ: Շատ կապուած եմ դպրոցներու հետ: Ամէն տարի Սեպտեմբեր 1-ին ելոյթ կ’ունենամ մեր դպրոցին մէջ, որուն դասարաններէն մէկը իմ անուամբ կոչուած է: Երեւանի դպրոցներէն ալ կը կանչեն զիս հանդիպումներու: Մեր գիւղի դպրոցը անուանակոչուած է հօրս` Մարգար Յովհաննիսեանի անունով, որ երկար տարիներ եղած է Փոքր Վետիի հաւաքական տնտեսութեան նախագահը: Վերջերս մեր դպրոցին մէջ քանի մը ամիս առաջ զոհուած սպայ՝ Գոռ Օհանեանի անունով դասարան անուանակոչելու ձեռնարկ էր, եւ ես ելոյթ ունեցայ ու ըսի, որ մեր երախաները պէտք է անպայման գիտելիքներ ունենան, կիրթ ըլլան, տիրապետեն նորագոյն արուսետաբանութեան, որովհետեւ բանակին ծառայելու ժամանակ այդ գիտելիքները շատ անհրաժեշտ են: Ընդհանրապէս ես դպրոցի հետ շատ կապուած եմ:
– Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք հայ մայրերուն:
– Խորհուրդ չեմ կրնար տալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ մայր իմաստուն մըն է: Ես կը հպարտանամ այն հայ մայրերով, որոնք իրենց երախաները կը դաստիարակեն հայրենասիրական ոգիով: Հայ մայրերը, հայ կանայք սովորական կեանքի մէջ ալ շատ կ’երթան ինքնազոհողութեան` անմնացորդ նուիրուելով իրենց ընտանիքին ու զաւակներուն: Ես կը յարգեմ ու կը սիրեմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը պատրաստ են տալու Հայրենիքին:
– Տիկի՛ն Ճեմմա համամի՞տ էք բանակին մէջ աղջիկներու ծառայելու գաղափարին:
– Առաջնագիծին վրայ աղջիկներ չէի ցանկար տեսնել, որովհետեւ գերի իյնալու վտանգ կայ, շրջափակում, ես ինքս եղած եմ շրջափակման մէջ, ունեցած եմ` ըսենք եօթ պարկուճ, պէտք է 6-ը ազերի խփէի, մէկն ալ ինծի համար պահուած էր, որպէսզի գերի չիյնայի եւ ոչ միայն իմ պարագային էր ատիկա: Աղջիկները ուղղակի կրնան սորվիլ, անցնիլ մարտական պատրաստուածութիւն, որպէսզի հարկ եղած պարագային դիմակայեն թշնամին: Եւ ի վերջոյ պատերազմի ժամանակ թիկունքին ալ շատ գործ կայ ընելու:
– Յիշարժան դէպք մը, պատմութիւն մը կը յիշէ՞ք պատերազմական տարիներէն:
– 1993-ին եկայ դիրքեր, իմ հրակայուն բաճկոնիս գրպանին մէջ նոյնիսկ շրթներկ ունէի, կը քսէի, ինքզինքիս կը հետեւէի, որովհետեւ կինը մարտի մէջ ալ կը մնայ կին: Կը կռուէի երգելով: Թշնամիի դիրքերն ալ անցած եմ, եղած է, որ միայնակ կռուած եմ, երկու օրուգիշեր դիրք պահած եմ: Երասխաւանի մէջ դիրքի մը մօտ 6 հոգիներ էինք, հերթով կ’երթայինք ծխելու, 3 կրակակէտեր կային: Երբ մեր զինուորներէն մէկուն` Սազային խփեցին, արիւնը ուղեղին հետ քարին թափեցաւ…։ Այնչափ տխուր, ցնցող դէպք էր, չեմ կրնար սա յիշարժան անուանել, ուղղակի յիշեցի… 4 հոգի հարկաւոր էին` պատգարակով վիրաւորին տեղ հասցնելու համար: Ես մնացի միայնակ. մէկ կրակակէտէն միւսը կը վազէի եւ երեք կրակակէտերէն ալ կը կրակէի` թշնամիին մօտ տպաւորութիւն ձգելով, որ շատերը կան մեր դիրքերուն մէջ: Երբ 1993-ին մտանք Մատաղիս (յետոյ կրկին դուրս եկանք), այնտեղի դպրոցը ազերիները ռմբակոծած էին, իրենց մոլուցքը թափած էին հայկական գիրքերուն վրայ եւ գիրքերուն մեծ մասը այրած էին, մէկ մասին վրայ ալ կրակած: Ես կը հաւաքէի գիրքերը եւ կը լեցնէի զինարկղներու մէջ, տղաքը կը հարցնէին, թէ ի՞նչ կ’ընեմ, ես կ’ըսէի` Մատաղիսը երբ ազատենք, կը տեսնէք` դպրոցը կրկին պիտի գործէ, եւ այդ գիրքերը պէտք պիտի գան: Ես կը հաւատայի, որ պիտի ազատագրենք, եւ այդպէս ալ եղաւ: Երբ նոր դպրոցը հիմնուեցաւ, ես գիրքերը կը բերէի Մատաղիս, որոնք պահած էի մեր տունը: Շատ կարեւոր է հաւատալ, որ դուն յաղթող ես, որ դուն ուժեղ ես: Նաեւ շատ կարեւոր է, որ մենք բանակի կողքին կանգնած ըլլանք. ոչ մէկը իրաւունք չունի բանակի անունին հետ խաղալու: Եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, ես իմ կիսակառոյց տունն ալ բանակին համար կը վաճառեմ:
– Ոգեւորիչ խօսքով մը աւարտենք մեր զրոյցը, տիկի՛ն Ճեմմա:
– Ես բանաստեղծ չեմ, արհեստավարժ չեմ, ուղղակի հօրս նուիրուած բանաստեղծութիւն մը ունիմ, որ պիտի ըսեմ.
Ես կ’ուզէի հօրս եկած գաղթի ճամփով
Գնալ հասնել մինչեւ Վան,
Հօրս կարօտն առնել Վանից
Ու նորից բռնել ճամփան,
Եփրատ գետով ես անցնէի,
Մոկաց լեռները հասնէի,
Եւ կարօտով ես պապերիս
Շիրիմներին ծնկաչոք` խունկ վառէի:
Խնկի ծուխը թող տարածուէր,
Մուշից Սասուն, Ալաշկերտ,
Անին զարթնէր իր խոր քնից,
Որ կարօտ էր հայերից,
Եւ խօսէի ես հայերէն
Եւ պատմէի քարերին`
Ախր, ես իմ վրէժն առայ
Էս ոխերիմ թուրքերից:
Հօրս ծնուած երկրի հողում
Թո՛ղ մեռնէի հայերէն,
Եւ քոյրերս գային վրաս
Խունկ ծխէին հայերէն:
– Շնորհակալութիւ՛ն Հայրենիքին տուած Ձեր նուիրումին, Ձեր երիտասարդ տարիներուն համար, Ձեր անմնացորդ հայրենասիրութեան եւ մինչ այժմ ալ` մարտական աննկուն ոգիին եւ յանուն Հայրենիքի պայքարին մէջ նետուելու պատրաստակամութեան համար:
«Հայերն Այսօր»