Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

ԵԱՀԿ-ը Սահմանագիծին Վրայ Ուժեղացուած Դիտարկում Պիտի Իրականացնէ

Մայիս 11-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ուժեղացուած դիտարկում պիտի անցկացնէ, ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղի հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ:

ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, Արցախի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիկ եւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Փիթըր Սվետպըրկ /Շուէտ/, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի ներկայացուցիչ Թոմաս Լենք (Գերմանիա):

ԼՂՀ իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման անցկացման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներուն անվտանգութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին