Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ապու Տապիի Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան իր կեցութեան ընթացքին, Շաբաթ, 7 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Հայր Սուրբին, հոգեւոր հովիւին, Ապու Տապիի ազգային երեսփոխաններուն, ազգային վարչութեան, նորակառոյց ազգային «Արա Խանոյեան» վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբի եւ դպրաց դասի անդամներուն ու յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց անոնց գործունէութիւնը եւ հրաւիրեց զանոնք, որ նոյն գիտակցութեամբ ու նուիրումով շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր եւ ազգային ծառայութիւնները։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ազգային Առաջնորդարանին շուրջ ձեր համախմբուածութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեր ներքին կազմակերպուածութիւնը եւ զանազան ձեւերով գաղութի աշխատանքներուն ձեր բերած մասնակցութիւնը՝ պատեհութիւնը պիտի շնորհեն ձեզի, որ ընդմիշտ ծաղկուն գործունէութիւն եւ մնայուն վերելք ունենաք»։

Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ»ով հանդիպումը հասաւ իր աւարտին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին