Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Սթոքհոլմի Ախտանիշ Stockholm Syndrome

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լսա՞ծ ես սիրելի ընթերցող Սթոքհոլմի Ախտանիշի մասին: Սթոքհոլմի Ախտանիշը հոգեբանական երեւոյթ մըն է, որուն մէջ պատանդը կամ պատանդներ շատ յաճախ համակրանք եւ դրական զգացում կը ցուցաբերեն իրենց պատանդ բռնողներուն նկատմամբ, որ յաճախ նաեւ կը հասնի սիրոյ եւ իրենց ազատութիւնը զրկողներուն պաշտպանելու  ու անոնց հետ նոյնանալու հիւանդագին հոգեվիճակի:

Այս զգացումները ընդհանրապէս անշուշտ անտրամաբանական են, եթէ նկատի ունենանք այն բոլոր վտանգները, զորս զոհերը կը դիմակալեն պատանդ պահուելով: Անոնք սակայն այնպիսի հոգեվիճակի մը մէջ կը գտնուին, որ կը սկսին իրենց նուազ չարչարելը կամ մարդկային նուազագոյն արտայայտութիւն մը՝ ինչպէս ջուր ստանալ կամ կերակրուիլ իրենց պատանդ պահողներուն կողմէ, շփոթել ազնուութեան հետ:

Ըստ ախտանիշը բացատրողներուն, այս երեւոյթը յատուկ չէ միայն պատանդներու, այլ նաեւ անձերու, որոնք վիրային կապով (traumatic bonding) կ՛ապուած կ՛ըլլան զիրենք շահագործողներուն կամ իրենց վրայ մարմնական թէ այլ բռնութիւններ կատարողներուն հանդէպ, որոնք երբեմն կը բարեհաճին «ազնիւ» ըլլալ իրենց բռնութեան ենթակայ անձին հետ:

Վերոյիշեալը անշուշտ հիւանդագին երեւոյթ մըն է, որ ես կ՛ըսեմ, թէ նաեւ կրնայ ամբողջ քաղաքացիներու ալ պատահիլ, որոնք սիրահարուած կ՛ըլլան իրենց շահագործող իշխանութիւններուն ու կը համակրին զիրենք «լլկողներուն»…:

Ես այսօր աւելի քան համոզուած եմ, որ լիբանանցին կը տառապի այս ախտանիշով…: Պիտի փափաքէի, որ Հայրենի ժողովուրդը զերծ ըլլայ անկէ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին