Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

«Մենք Երբեք Չենք Հանդուրժեր Մեր Պետութեան Անվտանգութեան Դէմ Ուղղուած Որեւէ Փորձ». Բակօ Սահակեան

Արցախի եւ  Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր`ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան հերոսամարտի զոհուածներու յիշատակին: Նախագահ Բակօ Սահակեանին ուղեկցեցան Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, վարչապետը, Ազգային ժողովի նախագահը, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը, նախարարներ ու պատգամաւորներ: Հայաստանէն ներկայ եղան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանն ու շարք մը նախարարներ եւ ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը: Բարձրաստիճան պաշտօնեաները  այցելեցին նաեւ Շուշի: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, թէ այսօր ոչ ոք զիջումներու մասին ալ չի խօսիր: Այն հարցումին, թէ ո՞րն է Արցախի համար զիջումներու ընդունելի սահմանը, Մնացականեան պատասխանեց.

«Զիջում չկայ, ոչ ոք զիջումներու մասին չի խօսիր, անձամբ ես անոր մասին չեմ լսած»: Ան վստահեցուց, որ սպառազինութեան որեւէ խնդիր չկայ, եւ ատոր վառ ապացոյցը զինուորի ոգին է: Իսկ նախագահ Սահակեան Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուայ առթիւ յղուած շնորհաւորական ուղերձի մէջ ըսաւ. «Այսօր հպարտութեամբ կրնանք նշել, որ ունինք մեծագոյն յաղթանակ մը եւս` ան մեր երիտասարդ սերունդն է, մեր նորօրեայ հերոսները, որոնք պատուով կը շարունակեն իրենց նախնիներու աւանդոյթները` մարտի դաշտի վրայ հիւսելով նոր առասպելներ: Պաշտպանութեան բանակի մեր անձնուրաց զինուորները ամուր կանգնած  են իրենց դիրքերուն վրայ եւ անառիկ կը պահեն Արցախի Հանրապետութեան սահմանները» ըսաւ նախագահ Սահակեան շեշտելով, որ «Մեր բոլոր այս յաղթանակները միասնութեան, վտանգի մէջ յայտնուած Հայրենիքը պաշտպանելու գաղափարի շուրջ համախմբուածութեան յաղթանակն են։ Վստահ եմ, որ այս ոգին միշտ կ՛ուղեկցի մեր ժողովուրդին, եւ մենք կը տօնենք դեռ շատ յաղթանակներ, այդ է մեր նահատակներուն յիշատակը միշտ վառ պահելու լաւագոյն միջոցը եւ հարատեւելու միակ ճիշդ ուղին», նշեց Արցախի նախագահը, որուն նստավայրին մէջ նախապէս տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանի պաշտպանութեան եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան համար, պաշտպանութեան բանակի խումբ մը զինուորներու, ազատամարտիկներու եւ կամաւորներու յանձնուեցան պետական բարձր պարգեւներ: Իր ելոյթի ընթացքին նախագահ  Սահակեան ըսաւ. «Ազրպէյճանը Ապրիլի սկիզբը լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ ձեռնարկելով՝ Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանի գրեթէ ամբողջ երկարութեան, անգամ մը եւս փորձեց պատերազմի միջոցով իրականացնել իր ահաբեկչական ու յանցաւոր ծրագիրները մեր ժողովուրդին ու պետութեան դէմ, միայն մեր պաշտպանութեան բանակի հզօրութեան եւ ուժին, մեր զինուորներուն անօրինակ սխրանքին եւ անկոտրում ոգիին շնորհիւ՝ կարելի եղաւ արժանի հակահարուած տալ սանձարձակ թշնամիին, որ կրելով կենդանի ուժի եւ զինուորական սարքերու զգալի կորուստներ, պարտադրուած եղաւ խնդրել զինադադար»: Սահակեանի խօսքով «մենք խաղաղասէր ժողովուրդ ենք, բայց երբեք չենք հանդուրժեր մեր պետութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած որեւէ փորձ եւ արժանի հակահարուած կը հասցնենք հակառակորդի բոլոր ոտնձգութիւններուն»:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին