Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Մայիսեան Յաղթանակներու Տօնը Պատշաճօրէն Նշուեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց Մէջ

Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցան Մեծ յաղթանակի 71-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներ, որոնց մէջ գլխաւորը՝ Անյայտ զինուորի յուշահամալիր այցելեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին  Հայաստանի նախագահը, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, շարք մը նախարարներ, բարձրաստիճան պատասխանատուներ ու զինուորականներ: Մեծ պատերազմին տարուած յաղթանակի եւ Շուշիի ազատագրման տարեդարձներու կապակցությամբ, նախագահ Սերժ Սարգսեան յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցեց Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին: Սարգսեան ներկաներուն հետ դիտեց Հայաստանի զինուած ուժերու, Ռուսիոյ սահմանապահ ծառայութեան, Պատուոյ պահակախումբի ստորաբաժանումներու հանդիսաւոր քայլերթը: Նախագահը եւ Յաղթանակի զբօսայգի այցելած պաշտօնեաները մասնակցեցան նաեւ՝ աւանդաբար մատուցուող զինուորական ճաշկերոյթին: Սարգսեան Մայիսեան յաղթանակներուն կապակցութեամբ յղուած շնորհաւորական ուղերձի մէջ նշեց . «Մեր ժողովուրդին համար Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը դարձաւ իսկապէս Հայրենական մեծ պատերազմ։ Բազմաթիւ հայորդիներ կռուեցան իրենց Հայրենիքի ազատութեան եւ լուսաւոր ապագայի համար։ Ասիկա ոչ միայն ռազմական յաղթանակի, այլ նաեւ խաղաղութեան տօն է։ Եւ մենք գիտենք այդ խաղաղութեան գինը», ըսաւ Սարգսեան: Անոր խօսքով «Մայիս 9-ը մեզի համար վերաիմաստաւորուեցաւ եւ վերարժեւորուեցաւ 1992-ին Շուշիի ազատագրմամբ: Արցախի դարաւոր մշակութային կեդրոնը, որ աւանդաբար լոյս, կրթութիւն, գիտութիւն եւ արուեստ սփռած էր իր շուրջը, վերածուած էր շրջակայքը մահ ու աւեր սփռող հրէշաւոր կրակակէտի: Շուշիի ազատագրումը մեր կեանքի եւ մահուան հարցն էր, եւ մենք եւս Մայիս 9-ին կրկնեցինք մեր հայրերու եւ պապերու սխրանքը՝ բեկելով պատերազմի ընթացքը», ըսաւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր նոր սերունդ պատրաստ է նորովի եւ աւելի վստահօրէն պաշտպանելու իր անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնը եւ իրաւունքները»:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին