Ստեփանակերտի մէջ Մայիսեան եռատօնի հանդիսութիւններուն մասնակցելէ առաջ, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այցելեց Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի մարտական հենակէտեր: Աւելի վաղ ան տեսակցեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Քննարկուեցան հայկական երկու հանրապետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացուեցաւ սահմաններու վրայ տիրող իրավիճակին եւ հեռանկարային ծրագիրներու իրականացման:
Աբրահմեան տեսակցեցաւ նաեւ Արցախի իր պաշտօնակիցին` Արա Յարութիւնեանի հետ, ներկայութեամբ երկու կառավարութիւններու կարգ մը անդամներուն: Նշելով, որ երկու կառավարութիւնները միշտ սերտ կապի մէջ եղած են Յարութիւնեան ըսաւ. «Կարեւոր է, որ այս դժուարին օրերուն նոյնպէս մեր բոլոր խնդրանքներն ու առաջարկները ձեր կողմէ արագ բաւարարուած են` այդպիսով անմիջականօրէն մասնակցելով Արցախի անվտանգութեան ապահովման գործին»: Աբրահամեան իր կարգին շեշտեց, որ պատերազմի իբրեւ հետեւանք անգամ մը եւս ապացուցուեցաւ՝ ազգին միասնականութիւնը եւ հայկական զինուած ուժերուն հզօրութիւնը: Հայաստանի եւ Արցախի գործադիր մարմիններու անդամները ներկայացուցին իրենց ղեկավարած մարզերու խնդիրները եւ փոխգործակցութեան արդիւնքները: Անոնք յառաջ մղեցին յստակ առաջարկներ`ձեռք բերած փոխադարձ պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ: