Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայաստանի Եւ Արցախի Զինեալ Ուժերը Կը Հետեւին Հակառակորդի Բոլոր Քայլերուն

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիէն լրագրողներու յայտնեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր դիւանագիտական գործունեութեամբ կ’իրականացնէ այն խնդիրը, որ ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման աստիճանաբար տանելուն:  Անոր խօսքով այդ մէկը դիւանագիտական շատ նուրբ աշխատանք է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը զբաղի այդ հարցով: Անդրադառնալով այն փաստին, որ հակառակորդը զինուած ուժեր կը կուտակէ սահմանին վրայ Օհանեան նշեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը բոլոր այդպիսի տեղաշարժերն ու փոփոխութիւնները կ’արձանագրեն:  «Մենք կը հետեւինք ամէն ինչին եւ Պաշտպանութեան բանակն ու Հայաստանի զինուած ուժերը համապատասխան ծրագիրներ կը մշակեն, որոնք ուղղուած են մեր պաշտպանութեան», ըսաւ նախարարը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին