ԹՄՄ յորդառատ աղբիւր մըն է, որու ջուրը երբեք չի ցամքիր: Անոր զուլալ եւ կենսատու ջուրը կ’ոռոգէ չորցածը եւ կը յագեցնէ ծարաւը: Հակառակ լիբանանահայ գաղութի ապրած բոլոր դժուարութիւններուն, ԹՄՄ կը շարունակէ անդուլօրէն իր ծառայութիւնը մատուցանել հայ ազգի զաւակներուն, որպէս հայապահպանման եւ զարգացման միջոց: Ըստ այդմ ան դարձեալ հանդէս կու գայ մշակութային միջոցառումով մը, ներկայացնելով իր Երուանդ Օտեան Թատերախումբի «Խօսքը Մէջերնիս» կատակերգութիւնը, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ:
Վաչէ Ատրունիի հեղինակած եւ բեմադրած թատերական այս գործը, կու գայ ներկայացնելու հայ արուեստագէտի միջազգային որակ ունեցող տաղանդը: Թատերախաղը սքանչելի կերպով գրուած է: Դէպքերու զարգացումը՝ անգուշակելի, հետաքրքրական եւ ծիծաղաշարժ: Դերասաններու կերպարները համոզիչ ու իրականութեան հարազատ: Ինչ կը վերաբերի դերակատարութեան, կարելի է ըսել, թէ բոլոր դերասանները վաստակաւոր խաղարկութիւն մը ներկայացուցին: Օրինակ մը տալու համար միայն կ’ուզեմ յիշել Պօղոսի կերպարը, որ կեղծիքի եւ խաբեբայութեան որոգայթ լարող մըն է: Այնպէս հարազատ եւ իրականութեան մօտիկ գծագրած էր զայն թատերագիր Ատրունի, որ բեմին վրայ խաղցող կերպարը, իր նկարագրային գիծերու բոլոր կողմերով, կարծէք իրական կեանքէ եկած իսկական անձ մը ըլլար: Նշենք նաեւ, որ Վարդան Մկրտիչեան զայն սքանչելի վարպետութեամբ խաղցաւ: Բայց միայն Վարդան Մկրտիչեանը չէ, բոլոր դերասանները յաջող էին անխտիր՝ Հրակ Մկրտիչեան, Լուսինէ Տաքեսեան-Չէօլմէքեան, Կէպի Մէլքի, Սթէֆանի Ղուկասեան, Տիրան Սարգիսեան, Կարօ Պասմաճեան, Մակի Վասիլեան, Պէթի Սարգիսեան, Կարօ Գինոյեան, Զոհրապ Նալպանտեան եւ Յակոբ Չէօլմէքեան:
Գործը իր բաղկացուցիչ բոլոր երեսներով սքանչելիօրէն պատրաստուած է: Վարդան Մկրտիչեանի աֆիշով, Տիրան Սարգիսեանի բեմի դասաւորումով, Սթէֆանի Ղուկասեանի նկարչութեամբ եւ Լանա Քոչարեան-Ատրունիի երաժշտութեան դասաւորումով:
«Կենցաղային հարազատութիւն» բառերով կ’ուզեմ բնորոշել «Խօսքը Մէջերնիս» կատակերգութիւնը: Յարաբերութեանց մէջ վստահութեան անկումը եւ կեղծիքի աճը ապրող միջավայր մը կը ներկայացնէ սոյն թատերգութիւնը: Այնպիսի զուարճալի ոճով պատրաստուած է ան, որու աւարտին ներկաներ «այս թերափիի (therapy, բուժման) պահ մըն էր» արտայայտութեամբ դուրս եկան սրահէն: Որովհետեւ խնդուքը բուժման ազդեցութիւն թողած էր իրենց վրայ, երկար օրուայ մը յոգնութենէ ետք:
Մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ԹՄՄ-ի, որ միշտ պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնելու՝ հայ մշակոյթի զարգացման համար: Եւ ի վերջոյ գնահատանքի խօսք Վաչէ Ատրունիին՝ այս վաստակաւոր գործին համար: Կը կարծենք եթէ սոյն գործը արաբերէնի թարգմանուի եւ լիբանանեան հանրութեան ներկայացուի, հիասքանչ յաջողութիւն մը եւս կրնայ ձեռք ձգել: