Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Թուրքիան Կը Նախազգուշացնէ Պունտեսթակը Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունելէ

Թուրքիան Գերմանիոյ Պունտեսթակը նախազգուշացուցած է` չընդունելու այնպիսի բանաձեւ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային տեղահանութիւնները եւ սպանութիւնները կ՛որակուին իբրեւ Ցեղասպանութիւն:

«Պատմական իրադարձութիւններու մասին դատողութիւններ ընելը՝ ազգային խորհրդարաններու կամ պետութեան սահմաններու մէջ չէ: «Ցեղասպանութիւն»-ը իրաւական հասկացութիւն է, որ սահմանուած է Ժնեւի  ուխտագիրով: Քաղաքական գործիչներու պարագային պէտք չէ բացառել, որ անոնք կը կողմնորոշուին քաղաքական կամ կրօնական շարժառիթներով», ըստ panorama.am-ի յայտարարած է Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Աւնի Կարսլիօղլուն` Rheinische Post պարբերականին տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին, որ հրապարակուած է Մայիս 2-ին:

Ան նաեւ կասկած յայտնած է, որ Պունտեսթակը իրադարձութիւնները իբրեւ «Ցեղասպանութիւն» բնութագրող բանաձեւ ընդունելով, պիտի նպաստէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման: Դեսպանը ընդգծած է, որ «երկու ժողովուրդները պէտք է խթանել պատմութեան այդ ողբերգական էջի վերաիմաստաւորման հարցով համագործակցելու համար» եւ այս ծիրէն ներս յիշեցուցած է պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու մասին Անգարայի առաջարկը:

Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծը պիտի քննարկուի Յունիս 2-ին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին