Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

«Եւրոտեսիլ»-ի ՄԷջ Թոյլատրուած Է Արցախի Դրօշը Ծածանել

Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ յայտարարութիւն հրապարակած է, որուն համաձայն փոփոխութեան ենթարկուած է «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթի դրօշներու քաղաքականութիւնը, կը յայտնէ Tert.am-ը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ մրցոյթի կազմակերպիչները մասնակից  շարք մը պատուիրակութիւններու հետ կառուցողական զրոյցներէ ետք՝  համաձայնած են մեղմացնել տարածաշրջանային, տեղական եւ ազգային դրօշներու քաղաքականութեան նկատմամբ խստութիւնը:

Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը առաջարկած է նաեւ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերել  այլ դրօշներու նկատմամբ, քանի որ հանդիսատեսը կը յարգէ «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթի ոչ քաղաքական բնոյթը:

Նախապէս տեղեկութիւն  տարածուած էր, որ «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթի այս տարուան դրօշներու քաղաքականութեան համաձայն՝ Արցախի դրօշը արգիլուած դրօշներու ցանկին մէջ էր: Աւելի ուշ Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը ներողութիւն  խնդրած էր բոլոր անոնցմէ, որոնց վիրաւորած էր «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթի ընթացքին արգիլուած դրօշներու ցանկի հրապարակմամբ: Յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ հրապարակուած է միայն դրօշներու վերաբերեալ փաստաթուղթի նախագիծը, որ հրապարակման ենթակայ չէր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին