Չորեքշաբթի 27 Ապրիլին, Հայ Աւետարանական Գոլէճ այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պր. Սամուէլ Մկրտչեան: Տեսչարանին մէջ տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պր. Ներսէս Պաղտոյեանին հետ կարճ հանդիպումէ ետք, մեծարգոյ հիւրը այցելեց «Հայոց Պատմութեան Յաղթական Երթը» վաւերագրական ցուցահանդէսը, ուր հանգամանօրէն շրջեցաւ ընկերացութեամբ Դոկտ. Մսըրլեանին: