«Հիւրրիյէթ» թերթի մէկ յաւելուածին մէջ, Ճենկիզ Սեմերճիօղլու վերի վերնագիրին ներքեւ կը դրուատէ Արէն Փերտեճիի ու Էլա Ալեամաչի կողմէ պատրաստուած «Կորսուած Թռչունները» ժապաւէնը՝ ըսելով, որ այս ժապաւէնը 1915-ի մասին կը խօսի՝ առանց կողմ մը դառնալու, այլ պարզապէս երկու մանուկներու տեսանկիւնէն։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
«Շատ տպաւորիչ ժապաւէն մըն է այս», կը գրէ յօրուածագիրը ու կ՛աւետէ, թէ ժապաւէնը երեք շաբաթներէ ի վեր կը ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ։ «Մինչեւ այսօր 7500 հոգիներ դիտած են ժապաւէնը, եւ ասիկա մեծ յաջողութիւն մըն է, որովհետեւ ժապաւէնը կը ցուցադրուի միայն 7 սրահներու մէջ», կը նշէ ան։
«Ձեզ կը յանձնարարեմ՝ գտէ՛ք կորսուած թռչունները եւ ուս տուէք անոնց. թէ՛ զօրակցած կ՛ըլլաք երկու երիտասարդ բեմադրիչներուն, թէ՛ դիտած կ՛ըլլաք շատ յուզիչ ժապաւէն մը», կ՛եզրակացնէ յօդուածագիրը։