*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան, կայացաւ Հ. Անդրանիկ Կռանեանի կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին ներկայացնող ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Թէքէեան կեդրոնի մէջ, Ժմմէյզի:
Ժամը 7:30-էն սրահը սկսաւ լեցուիլ Հ. Անդրանիկը սիրող եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ձեռնարկներու կարեւորութեան հաւատացող հիւրերով: Ներկայ էին յատկապէս մեծայարգ տիար Սամուէլ Մկրտիչեան՝ Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, մեծայարգ տիար Աշոտ Վարդանեան՝ հիպատոս Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան, արհիապատիւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան՝ օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին, հոգեշնորհ Հ. Յուսիկ Ծ.Վ. Մարտիրոսեան՝ ներկայացուցիչ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին, գերյարգելի Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան՝ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ եւ մեծաւոր Զմմառու վանքին, ընկ. Յակոբ Գասարճեան՝ ատենապետ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնին, ընկ. Միքայէլ Վայէճեան՝ ատենապետ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, տիար Վիգէն Չէրչեան՝ ատենապետ Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրեր, նախկին երեսփոխաններ եւ մշակութասէր հիւրեր:
Որոշուած ժամանակին սկսաւ ձեռնարկը Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ ԹՄՄ ատենապետ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան բացման խօսքը արտասանելու: Ընկեր Վիգէն իր խօսքին մէջ յատկապէս նշեց՝ «Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան պարգեւատրումներու արժանացած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի Յակոբ Մեղապարտի պատուոյ նշանով: Հայր Անդրանիկ նախապէս մեծարանքի արժանացած եւ պատուուած անձնաւորութիւն մըն է, ըստ որում նման ձեռնարկի անուն տալ դժուարին գործ մըն էր: Բայց որովհետեւ Հայր Անդրանիկ անսպառ աղբիւր էր, որու զուլալ ջուրը հետզհետէ աւելի քաղցր կը դառնար, կարիքը զգացինք իր գործերու ուղիին ընդմէջէն զինք պատուելու, որպէսզի նորոգուինք իր կորովէն»:
Ապա բեմ բարձրացաւ Պրն. Սարգիս Նաճարեան, «Հայր Անդրանիկի աշակերտ», ինչպէս ան ինքզինք ներկայացուց, անոր մօտիկ բարեկամ եւ տարիներու գործընկերը: Նաճարեանի վկայութիւնը, որպէս հոգեշնորհ վարդապետը մօտէն ճանչցող, եղաւ հարազատ եւ մանրամասն: (Պրն. Ս. Նաճարեանին խօսքը կու տանք առանձին):
Ձեռնարկը կը պարունակէր նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Սրինգի նուագով հանդէս եկաւ օրիորդ Լոռի Եափուճեան, երկու հայրենասիրական երաժշտութիւններով՝ Զարթիր Որդեակ եւ Կարմիր Կակաչներ: Այնպիսի գեղեցիկ արուեստավարժ կատարողութեամբ հնչեց սրինգի ձայնը, որ բոլոր ներկաներ հայրենասիրական զգացումներով տոգորեց:
Ապա խօսք առաւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեան: Ընկեր Սեւակ իր սովորութեան համաձայն ներկայացուց հիւրը սովորականէն դուրս մօտեցումով մը, բան մը, որ ներկաները գրաւեց եւ լուսաբանեց, առաւել՝ Հայր Անդրանիկին տուաւ իր արժէքին վայել գնահատականը: (Ընկեր Յակոբեանին խօսքը կու տանք առանձին):
Ի վերջոյ գերապատիւ վարդապետը բեմ հրաւիրուեցաւ իր սրտին խօսքը ըսելու: Յուզիչ էր պահը իրeն եւ ներկաներուն համար: «Նայեցէք, արդեօք սրահին մէջ ուրիշ Հայր Կռանեան մը կա՞յ, թէ խօսքը ինծի համար է», հոգեւորականի վայել խոնարհութեամբ խօսքը սկսաւ ան: «Ես շնորհակալ եմ առաջին հերթին Աստուծոյ, որ ինծի այս պարգեւը տուած է, որու միջոցով Իր Փառքը հիւսեցի: Շնորհակալ եմ նաեւ ԹՄՄ-ին, որ իր այս գնահատելի ձեռնարկով, որոշեց զիս պատուել: Շատ Շնորհակալ եմ: Եւ Շնորհակալ եմ ձեզմէ, սիրելիներ եւ բարեկամներ, որ ներկայ գտնուեցաք հոս այսօր»: Այս հակիրճ խօսքերով ան ամփոփեց իր իսկական արժէքը՝ հոգեւորական ըլլալը:
Ձեռնարկի աւարտին ԹՄՄ Հիմնադիրներու ՄԱրմնի ատենապետ ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեան Թէքէեան Մշակութային Միութեան անունով պատուեց Հայր Անդրանիկը յուշանուէրով մը, անոր ազգին եւ եկեղեցիին մատուցած բազում ծառայութիւններուն որպէս գնահատանքի արտայայտութիւն:
Ապա ներկաները վայելեցին իրենց համար պատրաստուած հիւրասիրութիւնը:
Մենք ալ մեր կարգին շնորհակալութիւն կը յայտնենք ԹՄՄի վարչութեան, որ գիտէ մեծարել եւ գնահատել Հայր Անդրանիկը եւ անոր նման արժէքներ, որոնք հայ ազգը կը լուսաւորեն: Մարդ արարած կը սիրէ գնահատուիլ, նոյնիսկ եթէ տարիքոտ ըլլայ եւ կամ ըսէ՝ «խնդրեմ մի ընէք»: Գնահատանքը կը քաջալերէ տաղանդները, որպէսզի զարգանան: Եւ ԹՄՄ միշտ նման մեծարանքի եւ գնահատանքի ձեռնարկներով, կու գայ հայ ժողովուրդը լուսաւորող արժէքներ վառ պահելու, ի պայծառութիւն մեր սիրեցեալ ազգին: