Կիրակի, 20. 07. 2025

spot_img

Սուրիահայ Ուսանողներու Համար Նախատեսուած Կրթաթոշակ

Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը կը յայտարարէ յատուկ կրթաթոշակ սուրիահայ ուսանողներու համար: Կրթաթոշակները կը տրամադրուին տուեալ ուսումնական տարուայ վարձավճարի չափով` խրախուսելու գերազանց յառաջադիմութեամբ եւ միեւնոյն ժամանակ նիւթապէս անապահով պայմաններու մէջ գտնուող սուրիահայ ուսանողները:

Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ թէ ՀՀ պետական համալսարաններու եւ թէ քոլեճներու մէջ վճարովի համակարգով յաճախող սուրիահայ ուսանողները, որոնց վճարի 70%  կը հոգայ պետութիւնը:

Մրցոյթին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լրացնել Կրթաթոշակի յայտը, որ կրնաք ներբեռնել  այստեղէն` Application_form_for_Syrian-2016, եւ 2016  Ապրիլ 18-էն մինչեւ Յունիս 6-ը (10:30-էն մինչեւ 17:30-ը )  ներկայացնել ՀԿՀ Հայաստանեան գրասենեակ` Մաշտոցի 13, Դերասանի տուն:

Մանրամասն պարզաբանումներու համար  10:30-էն  մինչեւ 17:30 կրնաք դիմել Արմինէ Հարոյանին հետեւեալ հեռախօսահամարով`  (374 10) 53-14-85 (զանգեն միայն ուսանողները  եւ ոչ թե ծնողները ) կամ գրել armineharoyan@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին:

Դիմումները եւս պէտք է  ներկայացնել Երկուշաբթիէն Ուրբաթ` 10:30-էն մինչեւ 17:30:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին