«Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը շտապօգնութեան երկու կառքեր (Ուազ) նուիրաբերած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարարութեան:
Այս մասին «Հայերն Այսօր»-ին կը տեղեկացնեն «Հայաստան» հիմնադրամէն:
«Ֆրանսահայ համայնքը պատրաստ է նեցուկ ըլլալու Արցախին, եւ այդ նպատակով որոշած ենք հոգալ երկիրի առջեւ ծառացած հրատապ խնդիրները: Այս պահուն աշխատանքներ կը տանինք մեծ քանակով անհրաժեշտ դեղորայք Արցախ ներմուծելու ուղղութեամբ: Կը նախատեսենք նաեւ վերականգնել վնասուած ենթակառուցուածքները», կը նշէ Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան:
Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան եւ Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան, օրերս աշխատանքային այցով գտնուած են Արցախի մէջ` ծանօթանալու երկիրի առողջապահութեան ոլորտի առաջնային խնդիրներուն: Այցի ծիրէն ներս հանդիպումներ ունեցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին եւ վարչապետին հետ:
Նախապէս` Ապրիլ 4-ին, Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի գրասենեակը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ` ըստ որուն 100 000 եւրօ կը յատկացնէր Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը, Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծի երկայնքով սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով՝ ծանր իրավիճակի մէջ յայտնուած բնակչութեան կարիքներուն: