Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Իւեթա Մուկուչեանի Երկրորդ Փորձը Մրցութային Զգեստով

Մայիս 2-ին Եւրատեսիլ 2016-ին Հայաստանը ներկայացնող Իւեթա Մուկուչեան, առաջին անգամ բարձրացաւ շուէտական Էրիքսըն Կլոպ արենայի բեմ եւ միանգամայն գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը: Անոր «LoveWave» երգի փորձը համարուեցաւ օրուայ լաւագոյն ելոյթ: Այժմ երկրպագուները վառ, տպաւորիչ եւ կրակոտ ցուցադրութիւն կը սպասեն Իւեթայէն:

Մայիս 6-ին կայացած է երգչուհիին երկրորդ փորձը, որուն հոլովակը արդէն յայտնուած է համացանցի մէջ: Ի դէպ այս անգամ Իւեթան ներկայացած է այն զգեստով, որմով ան ելոյթ պիտի ունենայ կիսաեզրափակիչ փուլի ընթացքին: Ան գրեթէ նոյն ոճով եղած է՝ ինչպէս առաջին փորձի ժամանակ, պարզապէս աւելի շքեղ ու բեմական:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին